Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2020

1222GHazanchetsots-vandalized

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- ԵՈՒՆԵՍՔՕն Ատրպէյճանէն տակաւին պատասխան չէ ստացած կազմակերպութեան փորձագիտական առաքելութիւն մը Արցախ ուղարկելու համար, յայտարարեց կազմակերպութեան մշակոյթի հարցերու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Էրնեսթօ Օթթոնէ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէ առաւել քան ամիս մը առաջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին առաջարկած էր փորձագիտական առաքելութիւն մը ուղարկել Արցախ՝ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար:

«Առայժմ միայն Ատրպէյճանի պատասխանին կը սպասենք, որպէսզի ԵՈՒՆԵՍՔՕն կարենայ յառաջ շարժիլ առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ», ըսաւ Օթթոնէ:

Ըստ անոր՝ մինչ Հայաստան հաւանութիւն տուած է, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բազմաթիւ անգամներ դիմած են այդ հարցով, սակայն՝ ապարդիւն:

«Իւրաքանչիւր օր մշակութային արժէքներու վիճակի գնահատումը աւելի բարդ կը դարձնէ` յատկապէս նկատի ունենալով եղանակային պայմանները, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի վատթարանան: Կրակոցի դադրեցման շնորհիւ բացուած կարելիութիւններու պատուհանը պէտք չէ դարձեալ փակուի: Պատմական ժառանգութեան պահպանումը կարեւոր պայման է կայուն եւ ամուր աշխարհ ստեղծելու համար: Կ՛ակնկալենք, որ Պաքու անյապաղ պիտի արձագանգէ, որպէսզի գործնական փուլ տեղափոխուին վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած կառուցողական քննարկումները», յայտնեց Օթթոնէ։

comments

Advertisement