Լափշին Արցախբանկին Մէջ Հաշիւ Բացած Է Պաքուէն Հատուցումը Ստանալու Համար

By Asbarez | Wednesday, 26 May 2021

0526Artsakhbank

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Իսրայէլացի ծանօթ լրագրող Ալեքսանտր Լափշին «Արցախբանկ»ի մէջ հաշիւ բացած է։ Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ու հրապարակած է քարտին լուսանկարը՝ հետեւեալ գրառումով. «Դրամատան մէջ հաշիւ բացի՝ Սթրազպուրկի Եւրոպական ատեանին որոշումով Ատրպէյճանէն 30,000 եուրօ փոխանցման համար»։

Նշենք, որ 20 Մայիսին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Պաքուն մեղաւոր ճանչցաւ Լափշինի դէմ մահափորձին համար եւ  30,000 եուրօ հատուցում վճարելու պատիժ սահմանեց։

Յիշեցնենք, որ Արցախ կատարած այցելութենէն ետք՝ Պաքու Լափշինը թշնամի հռչակած եւ Պելոռուսի մեղսակցութեամբ զայն առեւանգած ու բանտարկած էր։

comments

Advertisement