Էրտողան Պատրաստակամ Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու

By Asbarez | Tuesday, 31 August 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան՝ ըսաւ, թէ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման:

Էրտողան դիտել տուաւ, որ շրջանը կարիք ունի կառուցողական մօտեցումի: «Նոյնիսկ եթէ կան տարակարծութիւններ, դրացիներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ: Մենք կրնանք աստիճանաբար կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որուն նոր կառավարութիւնը յայտարարած է այդ ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութեան մասին», յայտնեց Էրտողան:

Ըստ անոր՝ տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը կարելի են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն ետք:

Էրտողան դարձեալ անդրադարձաւ այսպէս կոչուած «Վեցի հարթակ»ին, որուն կրնան մաս կազմել Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ռուսիա, Իրան, Հայաստան եւ Վրաստան:  Ըստ անոր՝ եթէ այդպիսի հարթակի կազմակերպումը կարելի դառնայ, շրջանին մէջ շատ աւելի հանգիստ վիճակ պիտի տիրէ:

Ան աւելցուց, որ շրջանին մէջ անհրաժեշտ է կառուցել երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներ, «որոնք երկիրները իրարու պիտի կապեն, եւ այդպիսով շատ հարցեր պիտի յաղթահարուին»:

comments

Advertisement