Տրամաբանական Պիտի Ըլլայ, Որ Հայաստան Եւ Թուրքիա Ձեռնամուխ Ըլլան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման. Լաւրով

By Asbarez | Thursday, 09 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն ետք տրամաբանական պիտի ըլլայ, որ Երեւան եւ Անկարա դարձեալ փորձեն բարելաւել երկկողմ յարաբերութիւնները:

«Այժմ, երբ պատերազմը աւարտած է հոն, դրուած են քաղաքական գործընթացի, փոխադրութեան եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման հիմքերը, ըստ իս, շատ տրամաբանական պիտի ըլլայ, որ մեր թուրք եւ հայ գործընկերները վերսկսին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: Մենք պատրաստ ենք ամէնէն աշխոյժ կերպով օժանդակելու անոր», յայտարարեց ան:

Յիշեցնենք, որ ախօրէին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանական ջանքերուն աջակցելու`Մոսկուայի պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

comments

Advertisement