Պաքու Կը Քննադատէ Ֆրանսական Պատուիրակութեան Արցախ Այցելութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 16 Սեպտեմբերին խստօրէն քննադատեց Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնիի գլխաւորած պատուիրակութեան կատարած այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութիւն՝ պնդելով, որ նման քայլեր «կը վտանգեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն ուղղուած ջանքերը»:

«Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Փուփոնիի այցելութիւնը` ժամանակաւորապէս ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները, անօրինական է: Այս առաջին անգամը չէ, որ Փուփոնի անօրինականօրէն կ՛այցելէ Ատրպէյճանի պատկանող տարածքները: Ան յայտնի է իր կատաղի հակաատրպէյճանական մօտեցումներով եւ անոր անունը ընդգրկուած է ցանկին վրայ այն օտար քաղաքացիներուն, որոնց մուտքը երկրի տարածքը արգելուած է», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց  նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլաեւա, ըստ որուն, Փոփունիին ընկերացած է նաեւ Ֆրանսայի Արնուվիլ քաղաքի քաղաքապետը:

comments

Advertisement