Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Նպաստէ Շրջանի Բոլոր Երկիրներուն. Եըլտըրըմ

By Asbarez | Thursday, 11 November 2021

ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ, երեսփոխան Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ աշխատանքներ կը տարուին «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ուղղութեամբ:

Ըստ Եըլտըրըմի՝ միջանցքի բացումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ կապերու ընդլայնման՝ «անկախ անկէ, թէ Իրանը ի՛նչ դիրքորոշում ունի»:

«Մենք Իրանի հետ ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ, եւ այդպէս պիտի շարունակուի, եւ մենք կը կարծենք, որ այդ հարթակը պիտի ընդլայնուի Կովկասի երկիրներուն հետ, իսկ անոնց կրնան միանալ նաեւ մերձկասպեան շրջանի պետութիւնները», ըսաւ Եըլտըրըմ:

comments

Advertisement