By Asbarez | Wednesday, 23 March 2022
ՊԱՔՈՒ, «Էյ․Փի․Էյ․»․- Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննեցին շրջանի ներկայ կացութիւնը եւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւններու գործադրութեան հարցը:
Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելցուց, թէ արտաքին գործոց նախարարները քննեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հարցը:
«Քննարկուեցաւ նաեւ «3+3» (Ատրպէյճան-Հայաստան-Վրաստան+Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա) շրջանային խորհրդատուական հարթակի հետագայ աշխատանքին վերաբերեալ ժամանակագրութիւնը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Լաւրով եւ Պայրամով քննարկեցին նաեւ երկկողմ համագործակցութեան լայն շրջանակ մը, ներառեալ` երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի կէտերուն գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապրիլին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան նախապատրաստութիւնը:
comments
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն