By Asbarez | Wednesday, 06 April 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Ռաու կոչ ուղղեց Պաքուին եւ Երեւանին՝ բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցութիւններուն՝ հասնելու համար բոլոր չլուծուած հարցերու համապարփակ լուծման: Այս մասին կը խօսուի ԵԱՀԿի յայտարարութեան մէջ, որ յաջորդեց Ռաուի հարաւկովկասեան այցելութեան:
«Լեհաստան՝ իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահող երկիր, վճռականօրէն կ՛աջակցի երկխօսութիւնը դիւրացնելուն ուղղուած նախաձեռնութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են տեղւոյն վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար», կ՛ըսուի անոր յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Ռաուի՝ ԵԱՀԿը հրատապ մարդասիրական հարցերուն մէջ յառաջընթաց կ՛ակնկալէ, ինչպէս՝ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, անյայտ կորսուածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակումը, ականազերծումը եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութիւնը:
Կազմակերպութեան գործող ղեկավարը ընդգծեց ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի դերը՝ առաջարկելով ընդլայնել հարցերու լուծման մէջ անոր մասնակցութիւնը:
Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ այս հոլովոյթը կրնայ նպաստել շրջանին մէջ կայունութեան բարելաւման:
29 Մարտէն 1 Ապրիլ երկարած այցելութեան ընթացքին, նախարար Ռաու նշեց, թէ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ շրջանին մէջ ապահովութեան կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի եւ հարաւային կովկասեան շրջանի երեք պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վրայ: ԵԱՀԿի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Զպիկնիւ Ռաուի ուղեւորութիւնը կեդրոնացած էր ապահովութեան մարտահրաւէրներու եւ կայուն խաղաղութեան ուղղուած ջանքերու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի եւ հարաւային կովկասեան շրջանի երեք պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:
comments
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը