Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ

By Asbarez | Wednesday, 06 April 2022



ԱՆԳԱՐԱ․- Թրքական «Պայրաքտար» ռազմական անօդաչու թռչող սարքերու Ուքրանիա առաքումները ռուսական հասարակութեան մէջ զայրոյթ սկսած են յառաջացնել, կը նշէ Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երիխով, թրքական «Այտընլըք» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։

«Չեմ կրնար չանդրադառնալ հարցումի մը, որ ինծի յաճախ կ՛ուղղեն․ «Ինչպէ՞ս կը վերաբերինք Ուքրանիոյ թրքական «Պայրաքտար»ներու մատակարարման»: Ես բոլորովին ազնիւ պիտի ըլլամ. դուք չէք ալ կրնար պատկերացնել, թէ ռուսական հասարակութեան մէջ որքա՛ն վիշտով կ՛ընկալուին այդ առաքումները: «Առեւտուրը առեւտուր է» բացատրութիւնը չի հասկցուիր, որովհետեւ ձեր անօդաչու թռչող սարքերը մեր զինուորները կը սպաննեն․ անոնք այդ ընելու համար կը գնուին», շեշտեց դիւանագէտը:

Դեսպանը ընդգծեց, որ Ռուսիա զէնք չի տար անոնց, որոնց դէմ կը կռուի թրքական բանակը, եւ Թուրքիա այդ մէկը լաւ գիտէ:

comments

Advertisement