Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին

By Asbarez | Tuesday, 12 April 2022

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․-  Հակառակ այն իրողութեան, որ առաւել քան 50 քոնկրեսականներ դիմած էին Պայտընի վարչակարգին, որ կասեցնէ Թուրքիոյ «Էֆ․16»ներ ծախելու ծրագիրը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Քոնկրեսին ուղղուած նամակին մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ «Էֆ․16»ներու հաւանական վաճառքը կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հակառակ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու լարուած յարաբերութիւններուն, Ուքրանիոյ հետ Անգարայի ռազմական կապերը «կարեւոր զսպող գործօն են շրջանին մէջ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ»:

Իսկ ըստ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին՝ Թուրքիա արդէն «զգալի գին վճարած է» «Էս․ 400» համակարգերու գնման համար, որուն պատճառով անիկա դուրս մնացած էր աւելի արդիական «Էֆ․35» օդանաւերու ծրագիրէն:

comments

Advertisement