Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը

By Asbarez | Thursday, 05 May 2022

ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ, «ՄերքօՓրէս»․- Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Երեքշաբթի օր միաձայնութեամբ դէմ քուէարկեց Թուրքիոյ մօտ նոր դեսպանի նշանակման՝ անսալով «Ընդարձակ Ճակատ» ընդդիմադիր դաշինքի հայ ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի առաջարկին։

Որոշումը հակադարձութիւն մըն էր Ուրուկուէյի թրքական դեսպանատան առջեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ցոյցին մասնակցող հայերուն՝ թուրք ազգայնամոլներու նշանը ցոյց տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի տգեղ քայլին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ եւ արժանացած է Ուրուկուէյի նախագահին եւ այլ պաշտօնատարներու  քննադատութեան։

Դեսպանի նշանակման հարցը վերադարձուած է Միջազգային յարաբերութիւններու  յանձնախումբին: Ծերակուտականները շեշտեցին, որ որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի դեսպանի պաշտօնին թեկնածուի անձին հետ:

Միւս կողմէ, Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ ահաբեկչական «Գորշ գայլեր»ու նշանը ընելը «հարկաւոր քայլ մըն էր տգեղ եւ այլանդակ քայլերու դիմած ցուցարարներուն դէմ»՝ պնդելով, որ Ուրուկուէյի իշխանութիւնները պէտք չէ վիրաւորուած զգան․․․

Ան աւելցուց, թէ Ուրուկուէյի իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնէին, որ նման ցոյց մը կատարուի, իր հասցէին քննադատութիւնները անտեղի համարելով։

comments

Advertisement