By Asbarez | Sunday, 18 April 2010

Թրքական <<Վաթան>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուաշինկթընի <<Քաունսըլ ան ֆորէյն ռիլէյշընզ>> վերլուծական կեդրոնին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիան Ղարաբաղի խնդիրը նախապայման չի դներ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Ան յայտնած է, թէ <<Ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարաններուն մէջ վաւերացնելու համար, անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն մէջ ալ ապահովել քաղաքական եւ հոգեբանական անհրաժեշտ մթնոլորտ։ Անհրաժեշտ է, որ մեր հայ բարեկամներուն հետ համբերատարութեամբ ու համակարգուած այդ ուղղութեամբ հող նախապատրաստենք։ Եթէ ատիկա կատարուի, հայ-ատրպեճանական համակարտութեան կարգաւորումն ալ իր հերթին գործընթացին աջակցութիւն պիտի ըլլայ։ Ղարաբաղի հարցը մենք նախապայման չենք դներ։ Սակայն գիտենք, որ Կովկասի, Միջին Արեւելքի, Պալքաններու մէջ բոլոր նման խնդիրները մէկը միւսին հետ կապուած են։ Արդիւնքներու համար կ՛աշխատինք եւ լաւատես ենք>>։
Թրքական <<Հապերկազեթէ>> թերթը կը գրէ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ կապուած՝ թրքական իշխանութիւնները թուրք հասարակութեան բան մը կ՛ըսեն, իսկ ամերիկեան պաշտօնատարներուն՝ մէկ այլ բան։ Մասնաւորաբար, Էրտողանը կը նշէր, թէ առանց Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման, հայ-թրքական սահմանը չի բացուիր, իսկ Տաւութօղլուն Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է, թէ Թուրքիան հրաժարած է Ղարաբաղը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ նախապայման դնելէ։
Տաւութօղլու, Ուաշինկթըն իր այցելութեան ծիրին մէջ, երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած է Հիլըրի Քլինթընի հետ:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ <<Կը պատրաստուիմ Երկուշաբթի օր մեկնելու Ատրպէյճան։ Շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնիմ նաեւ Իրան>>, ըսած է Տաւութօղլու, որ նաեւ նշած է. <<Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի քննեմ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած հանդիպումներն ու անոնց հետ կապուած մանրամասնութիւնները։ Բացի ատկէ, պիտի խորհրդակցինք մեր ապագայ քայլերու առնչութեամբ>>։
<<Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունին։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կարեւորութիւն կու տանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութեան կարգաւորման։ Կ՛ուզենք, որ բոլոր այս գործընթացները նպաստեն Կովկասի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման>>, յայտարարած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ