By Asbarez | Saturday, 08 May 2010
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Ըստ ՀՅԴ մամլոյ դիւանի հաղորդած տեղեկութեան, վերջերս Երեւանի մէջ կայացած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի հերթական լիագումար նիստը, որ ամփոփած ու գնահատած է անցեալ եռամսեակին կատարուած աշխատանքը:
Իբրեւ յառաջիկային կատարուելիք աշխատանք, քննարկման հիմնական օրակարգերը եղած են Հայաստանի հասարակական-տնտեսական դժուար իրավիճակը, երկրի ժողովրդավարացման, բարոյահոգեբանական մթնոլորտի չլուծուող հարցերը, հայութեան տարբեր հատուածներու միջեւ բաժանարար գիծեր քաշելու ներքին ու արտաքին փորձերը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ներկայ հանգրուանները:
Կուսակցութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Հայաստանի մէջ ներքին խնդիրներու վրայ, նպատակ ունենալով քաղաքական ու պետական համակարգի առողջացում, անհատի, հաւաքականութեան ազատութիւններու եւ իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ հասարակական արդարութեան հետապնդում ու տնտեսական ծանր իրավիճակէն ելքեր գտնելու ուղիներու մատնանշում:
Նիստին ընթացքին շեշտուած է կուսակցական կառոյցի համահայաստանեան աշխուժացման՝ յստակ նախաձեռնութիւններով ասպարէզ գալու անհրաժեշտութիւնը:
Գնահատելով հանդերձ հանրապետութեան նախագահի վերջին ելոյթները, Ապրիլ 22ի ուղերձը եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն գործընթացը կասեցնելու որոշումը՝ նիստին ընթացքին միաժամանակ արձանագրուած է, որ մեր ազգային-պետական շահերուն սպառնացող վտանգները տակաւին ամբողջութեամբ չեն չէզոքացած, որուն իբրեւ հետեւանք, պայքարը դադրեցնելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ տակաւին, այնքան ատեն, որ Հայաստանի ստորագրութիւնը առկայ է արձանագրութիւններուն տակ:
Ժողովը նաեւ արձանագրած է, որ անհրաժեշտ է շատ աւելի մեծ համախմբուածութիւն՝ Արցախեան հարցին մէջ զիջումները բացառելու, համազգային նպատակներու շուրջ հայութիւնը կազմակերպելու եւ ներքին կեանքի մէջ արմատական բարեփոխումներ իրագործելու համար:
Ընդգծուած է յատկապէս հայութեան տարբեր շրջանակներու հետ առանձին աշխատելու եւ այդ ձեւով՝ Սփիւռքը պառակտելու Թուրքիոյ նոր մարտավարութեան հակազդելու կարեւորութիւնը: Խնդիր դրուած է՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով ձախողեցնել հայութեան որեւէ հատուած հերթական ծուղակի մէջ ներքաշելու թրքական բոլոր փորձերը:
Օրակարգային բոլոր հարցերուն վերաբերեալ ընդունուած են համապատասխան որոշումներ եւ տրուած են յանձնարարականներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ