Հայաստան Կը Մասնակցի Քաննի Փառատօնին

By Asbarez | Monday, 14 May 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփոր»չ.- 16 Մայիսին ընթացք առած է Քաննի 65րդ շարժապատկերի փառատօնը:  Արդէն 4րդ  տարին  ըլլալով Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս փառատօնին՝ տեղական արտադրութեամբ ժապաւէններ ներկայացնելով Քաննի արտամրցութային  շարժապատկերի շուկային մէջ: 15 Մայիսին այս նպատակով Քանն պիտի ուղղուի Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի պատուիրակութիւնը՝ կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանի գլխաւորութեամբ։ Գէորգ Գէորգեան այս գծով ըսած է, որ  Հայաստանէն մեծաթիւ խումբ մը պիտի երթայ Քանն։  Հայկական տաղաւարը բաց պիտի ըլլայ 16-25 Մայիս:

comments