By Asbarez | Wednesday, 23 May 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջին շրջանին քաղաքական բանակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Դաշնակցութեան հետ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռուստամեան յայտարարած է, որ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը ՀՅԴին համագործակցութեան որեւէ առաջարկ չէ ներկայացուցած:
«Յետընտրական տրամաբանութեան մէջ ինչ-որ համագործակցութիւնների ձեւաչափեր, տարբեր տեսակի խնդիրներ քննարկել՝ ոչ այդպիսի քննարկումներ տեղի չեն ունեցել, որովհետեւ մենք մեր տեսակէտները յստակ յայտնել ենք: Հէնց ընտրութիւններից յետոյ մենք ասեցինք, որ քոալիսիա ձեւաւորուելու խնդիր չկայ, մեր ծրագիրը ամբողջական իշխանափոխութեան օրակարգի վրայ: Այդպիսի հարց մեր հետ չի քննարկուել», ըսած է Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ՀՀԿն կը ջանայ համաձայնական կառավարութիւն կազմել այլ ուժերու, մասնաւորաբար «Բարգաւաճ Հայաստան»ի հետ, երբ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ինք մեծամասնութիւն է եւ կրնայ ինքնուրոյն կառավարութիւն կազմել՝ Ռուստամեան յայտնած է, թէ պատճառն այն է, որ Հանրապետականը խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք իր օրիանականութեան գծով բարդոյթներ ունի:
«Թերարժէքութեան քոմփլեքս կայ: Այդ իրավիճակը փոխելու, լեգիտիմութեան աստիճանը բարձրացնելու իմաստով միշտ գնում են այդպիսի քայլերի: Այս իրավիճակը շտկելու հետ կապուած են կատարւում այս քայլերը, եւ որպէսզի դա չվերաճի նոր նախընտրական լարուածութեան արդէն նախագահական ընտրութիւնների շեմին: Սա կամաց-կամաց կուտակուող բացասական էներկիան, որ հասարակութեան մէջ այս ֆրուստրացիայից յետոյ յառաջանալու է, կանխելու ձեւերից մէկն է, որ ՀՀԿն փորձում է այս պահին իրականացնել: Այստեղ ամենաշահեկան լուծումը քոալիսիա ձեւաւորուելու առումով Հանրապետականի համար է: Բացի դրանից շատ յստակ է, որ այս կառավարութիւնը ժամանակաւոր է, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւններից յետոյ նոր կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուի: Սա իսկապէս անցումային մի լուծում է, անցումային կառավարութեան ձեւաւորում է, որը պէտք է լուծի այս քաղաքական ճգնաժամին մօտեցող վիճակը», ըսած է Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ