By Asbarez | Thursday, 24 May 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը Ազգային ժողովին մէջ պիտի ունենայ մնայուն յանձնաժողովներու նախագահական պաշտօններ. այս հարցը ճշդուած է Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքով, որուն համաձայն, խորհրդարանական պաշտօնները բաշխելու ատեն նկատի կ՛առնուի խմբակցութեան անդամներուն թիւը:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը հրաժարեցաւ համաձայնական կառավարութիւն կազմելէ, այսինքն՝ ան մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան, հետեւաբար, դարձեալ ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին, կը նկատուի ընդդիմադիր:
Ստորեւ ԲՀԿի ընդդիմադիր դաշտ մտնելուն մասին կը խօսին տարբեր քաղաքական ուժեր։
ԲՀԿի՝ համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմելու մասին կատարուած յայտարարութենէն առաջ Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Ստեփան Սաֆարեան տակաւին կ՛ենթադրէր, որ ԲՀԿն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ համախոհութիւն կը գոյացնէ: Յայտարարութեան մասին տեղեկանալէ ետք իսկ ան մնաց նոյն կեցուածքին վրայ։ «Միեւնոյն է՝ ԲՀԿն մտնի քոալիսիա, թէ՝ ոչ, իր դիրքը քաղաքական դաշտում փոխելու հնարաւորութիւն չունի», ըսած է ան:
Ըստ Սաֆարեանի, ընդդիմադիր դաշտ փոխադրուելու հանգամանքը տարբեր արկածախնդրութիւններու դուռ կը բանայ ԲՀԿի համար: Ըստ անոր, ԲՀԿը փորձութիւններու դէմ յանդիման պիտի կանգնի, անոնք կրնան ըլլալ թէ՛ ներկուսակցական զարգացումներու, եւ թէ ընտրազանգուածի առումով։
«Այն ընտրազանգուածը, որն ընտրեց ԲՀԿին, ԲՀԿինը չէր, եւ դա չի պահպանուի: Սա ՀՀԿին ընդդիմադիր ընտրազանգուածն էր, որը չի մնալու ԲՀԿին», նշած է Սաֆարեան:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, այսպիսով քաղաքական նոր իրավիճակ կը ստեղծուի, եւ ա՛յդ է կարեւորը:
«Ազգային ժողովում մեծանում են ընդդիմութեան հնարաւորութիւնները՝ իշխանութիւններին հակակշռելու եւ զսպելու առումով: Մնացածը, թէ ինչպէս կը գործի ԲՀԿն, ոճի եւ մարտավարութեան խնդիր է, ու կ՛երեւայ հետագայում», ըսած է Ռուստամեան:
Ան դիտել տուած էր, որ եթէ ԲՀԿն մաս կազմէր համաձայնական կառավարութեան, նախագահական ընտրութիւններուն պիտի պաշտպանէր միասնական թեկնածուն, մինչդեռ այս պարագային նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին առկայ կ՛ըլլան մրցակցային եւ այլընտրանքային տարբերակներ:
«Սա, բնականաբար, ձեռնտու չէ ՀՀԿին, որովհետեւ եթէ հանդէս գային միասնական թեկնածուով, պիտի յայտարարէին, թէ ընտրողների 80 տոկոս ձայներն արդէն ունեն: Այս դէպքում՝ առանց ԲՀԿի եւ միայն ՕԵԿի հետ, 50 տոկոս ձայն հազիւ են ունենում, իսկ եթէ հաշուի առնենք նաեւ մեծամասնականը, վիճակը լրիւ փոխւում է», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
Խորհրդարանին մէջ ՀՅԴն ԲՀԿի հետ պիտի համագործակցի, իսկ համագործակցութեան այլ տարբերակներուն գծով յառաջիկային քննարկումներ պիտի կատարուին։ ԲՀԿի հնգամեայ գործընկերը՝ ՀՀԿն, բնականաբար, ներկայիս համագործակցութեան մասին չի խօսիր: Առանց ԲՀԿի յառաջիկային կատարելիքներուն մասին եւս չ՛ուզեր խօսիլ։ «Առաւօտ»ի հետ զրոյցին ընթացքին Գալուստ Սահակեան ըսած է, որ իրենք վաղուց որոշած են իրենց ընելիքները։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ հաւանակա՞ն է, որ ԲՀԿի նկատմամբ վարչական ճնշումներ գործադրուին՝ ՀՀԿի փոխնախագահը ըսած է. «Մոռացէք. ՀՀԿն ճնշումներ չի գործադրել ոչ մի քաղաքական ուժի նկատմամբ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ