By Asbarez | Thursday, 24 May 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուուլլահ Կիւլ ամերիկեան «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ ուսանողներու առջեւ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, անդրադարձած է նաեւ Հայաստան կատարած իր այցելութեան: Կիւլ ըսած է, որ լաւ առաջնորդը պէտք է կարենայ երբեմն նաեւ վտանգաւոր նկատուող քայլերու դիմել, եւ իբրեւ օրինակ՝ նշած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Երեւան մեկնելու փաստը: «Վերջին 20 տարիներուն Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գրեթէ չենք ունեցած: Ընդհանուր պատմութեան շուրջ միմեանց հետ հակասութիւններ ունեցող երկու դրացի ժողովուրդներու ղեկավարներուն համար, այդ հրաւէրի նշանակութիւնը շատ մեծ էր: Ներքին քաղաքականութեան համար այդ մէկը վտանգաւոր քայլ էր ու կրնար խնդրայարոյց ըլլալ նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Երեւան կատարած թուրք նախագահին այցը նպատակ ունէր գոնէ որոշ չափով կարգաւորել երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները: Ես դեռ յոյս ունիմ: Մեր փոխայցելութիւնները հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած խորհրդանիշ դարձած են: Եթէ նոյնիսկ վտանգաւոր էր, անիկա ճիշդ քայլ էր», ըսած է Կիւլ:

comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ