By Asbarez | Sunday, 18 July 2010
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Յուլիս 16ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, պատասխանելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատգամաւոր Սուլէյման Թուրան Չիրքինի մէկ հարցումին՝ յայտարարած է, որ Թուրքիա ունի քաղաքական կամք՝ տարածաշրջանին մէջ սկսած այսպէս կոչուած «խաղաղութեան ջանքերը» շարունակելու համար, «հակառակ այդ ճանապարհին հանդիպող բոլոր դժուարութիւններուն»:
Տաւութօղլու, նշելէ ետք, որ Թուրքիան պատրաստակամ է իր բոլոր հարեւաններուն հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու՝ փոխադարձ յարգանքի եւ բարիդրացիական սկզբունքներու հիման վրայ, յայտարարած է. «Վերջին շրջանին կարեւոր տարածութիւն յաղթահարուած է մեր հարեւաններու հետ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու վերացման հարցին մէջ։
Սակայն Հայաստանը կը շարունակէ մնալ այդ շրջանակին թոյլ օղակը։ Հայաստանի հետ արձանագրութիւններու ստորագրումը առաջին քայլը դարձաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իսկ այդ գործընթացի շարունակութիւնը անկասկած կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ՝ արդեօ՞ք Հայաստանը խնդիրները լուծելու կամք եւ կառուցողական դիրքորոշում պիտի ցուցաբերէ։
Եթէ Հայաստան ցուցաբերէ քաղաքական կամք, ապա գործընթացը կրնայ յառաջ շարժիլ ի նպաստ ամբողջ տարածաշրջանին։ Թուրքիոյ երկարած բարեկամական ձեռքը չսեղմելը, նախ եւ առաջ, պիտի վնասէ ինքնին Հայաստանին», աւելցուցած է Տաւութօղլու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու մասին տեղեկութիւններուն՝ նշելով, որ Թուրքիան կողմերէն որեւէ մէկուն չէ առաջարկած խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ թուրք զինուորներ ընդգրկել։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ