By Asbarez | Tuesday, 10 July 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթ՝ Յուլիս 5-8, վանաձորի մէջ կայացած ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 17րդ Գերագոյն ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները՝ ընտրելով Գերագոյն մարմինի նոր կազմ մը, որ կը բաղկանայ 11 անդամներէ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ Յուլիս 9ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Գերագոյն մարմինի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Արսէն Համբարձումեան հրապարակեցին նորընտիր կազմի անդամներուն անունները:
ՀՅԴ նոր Գերագոյն մարմինի անդամներն են՝ Արմէն Ռուստամեան, Միքայէլ Մանուկեան, Հրաչեայ Թադեւոսեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Արսէն Համբարձումեան, Արծուիկ Մինասեան, Ռոմիկ Մանուկեան, Աղուան Վարդանեան, Յովիկ Թադեւոսեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Արտաշէս Նիկոյեան:
ԳՄ նոր կազմին մէջ չեն ընդգրկուած՝ նախկին կազմէն Արա Նռանեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Թաթուլ Յարութիւնեանը եւ Հայրապետ Պապայեանը:
Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուած է Արմէն Ռուստամեան: Առաջին անգամն ըլլալով, մարմինը ընտրած է նաեւ երկու փոխներկայացուցիչներ՝ Աղուան Վարդանեանն ու Արսէն Համբարձումեանը:
Գերագոյն մարմինի նոր կազմին մէջ ընդգրկուած են 6 նոր անդամներ, որոնցմէ 5ը նախապէս երբե՛ք ԳՄի անդամ չեն եղած:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ