By Asbarez | Thursday, 12 July 2012
Թէեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը կաշկանդուած չէ 2013ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածու ունենալու գաղափարով, սակայն պատրաստ է պաշտպանելու մէկ միասնական թեկնածու: Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նման յայտարարութիւն մը ըրաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան. «Մեզ համար կարեւորը սկզբունքներն են, որի հիման վրայ կը ձեւաւորուի թեկնածուն: Միանշանակ է, որ մէկ քաղաքական ուժը չի կարող փոփոխութիւններ իրականացնել երկրում եւ պէտք է համախմբուեն: Գաղափարը՝ մեր տեսակէտից՝ երկուսն է. առաջին՝ այն թեկնածուն, ով յաւակնում է դառնալ ՀՀ նախագահ առաջիկայ հինգ տարիների համար, պէտք է պարտաւորուի անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական ձեւին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ատոր համար անհրաժեշտ են սահմանադրական փոփոխութիւններ:
Երկրորդ սկզբունքը, ըստ Մինասեանի՝ այն է, որ միասնական թեկնածուն պէտք է դրսեւորէ քաղաքական այնպիսի կամք, որ ընդդիմութեան հնարաւորութիւն ընձեռէ հակակշռելու իշխանական կողմը, մասնաւորապէս՝ անոր վստահուի Վերահսկիչ պալատի, Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի, Վարքի յանձնաժողովի, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի եւ այլ կառոյցներու ղեկավարի պաշտօնները:
«Եթէ այս երկու սկզբունքների հիման վրայ կը լինի միասնական թեկնածու, ապա ՀՅԴն հանդէս կը գայ յայտարարութեամբ եւ կը պաշտպանի միասնական թեկնածուին», աւելցուց Արծուիկ Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ