ՀՅԴն Հարսնաքարի Հարցը Հետապնդելու Այլընտրանքային Առաջարկ Ունի

By Asbarez | Friday, 13 July 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Հարսնաքար»ի գծով արտակարգ նիստի կայացման հրաւէր ուղղելու գաղափարը ՀԱԿի առաջարկն է։

Չորս խմբակցութիւնները հարցը քննարկած են, արտայայտած իրենց մտահոգութիւնները՝ մասնաւորաբար այն, որ ժամանակի առումով կարելի չէ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչել:

Ռուստամեան ընդգծած է, որ իրենք տեղեակ չեն եղած ՀԱԿի ասուլիսին մասին՝ աւելցնելով, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պէտք է յայտարարուէր նախաձեռնութեան մասին: «Դա իրենց գործն էր», նշած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած, որ ՀՅԴն հանդէս եկած է այլընտրանքային առաջարկով մը, որուն համաձայն, պէտք է նախաձեռնել գործընթացի եւ զայն իրականացնել հանգրուան առ հանգրուան:

Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս հարցումներ կը պատրաստեն եւ զանոնք պիտի ուղղեն իրաւապահ մարմիններուն: Հարցաշարքի պատասխանը ստանալէ ետք խմբակցութիւնները կրկին պիտի հաւաքուին եւ ճշդեն յառաջիկային առնուելիք քայլերը։ Ան դիտել տուած է, որ հիմնական հարցը այս դատին մէջ Ազգային ժողովի միջամտութիւնն ապահովելն է։

Ռուստամեան կ՛ընդունի, որ այս մէկը ժողովուրդի համբերութեան բաժակին աւելցած վերջին կաթիլն է։ Ըստ անոր, արձանագրուած դէպքերու լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ, որ մէկ կողմէ անպատժելիութիւնը տիրական կը դարձնէ, իսկ միւս կողմէ անապահովութեան զգացում կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ։ «Դա շատ մտահոգիչ է, եւ այս վիճակը առաջացել է գործադիրի եւ միւս օղակների ոչ բաւարար աշխատանքներից: Ակնյայտ է, որ այս հարցում ԱԺի միջամտութիւնը անհրաժեշտ է, ինչը կարող է կատարուել կանոնաւոր օրէնքին համապատասխան», նշած է Ռուստամեան՝ նկատել տալով, որ կարելի է ստեղծել ժամանակաւոր այնպիսի յանձնաժողով մը, որ սերտէ թէ՛ «Հարսնաքար»ի, եւ թէ այլ հարցեր ու պատահարներ։

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամը նշած է, որ զուտ թեքնիք պատճառներով արտակարգ նիստի հրաւիրելու այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեան չի հասնիր՝ դիտել տալով, որ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ այս գործընթացին սկսիլ Սեպտեմբերին։

comments