By Asbarez | Monday, 16 August 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ուրբաթ, Օգոստոս 13ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան համոզում յայտնեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է պարզաբանեն, թէ ինչ հիմնաւորմամբ կ՛երկարաձգեն ռուսաստանեան ռազմակայաններու տեղակայման ժամկէտը եւ ինչ է շտապողականութեան պատճառը: Ըստ իրեն, հարցին վերաբերեալ իշխանութեանց լռութիւնը կրնայ մտահոգութեան պատճառ դառնալ:
Ան աւելցուց, թէ Կովկասի մէջ տարբեր ուժերու միջեւ մրցակցութիւնը պիտի նպաստէ հաւասարակշռութեան ապահովման:
Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով՝ ռուսերը հաւանաբար կը մտածեն, որ 10 տարի ետք Հայաստան կրնայ այնպիսի իշխանութիւն ունենալ, որ չերկարաձգեր պայմանագիրը: «Եթէ իսկապէս կանխատեսւում է, որ 15 տարի յետոյ ինչ-որ վտանգ պէտք է սպառնայ, եւ ուրեմն հիմիկուանից փորձում են դա երկարաձգել, կամ պետութիւններում 15 տարի յետոյ պիտի լինեն այնպիսի ուժեր, որոնք համաձայն պիտի չլինեն վերանորոգելու այդ ռազմակայանի գործունէութեան պայմանագիրը, դա ինչ-որ տեղ կարող է հասկանալի լինել: Բայց դրա հիմքերը չկան», ըսած է Մանոյեան, որուն խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն սերտացումը՝ վերջին ամիսներուն ունեցած է դրական զարգացումներ։
Ըստ Կ. Մանոյեանի, Ռուսիոյ ղեկավարութեան կողմէ «որոշակի թիւրընկալում ու անորոշութիւն կայ» Հայաստանի նոր իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ, որուն պատճառը, անոր համոզումով, Ռուսիոյ անկախ՝ ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութեան որոշ դրսեւորումներն են: Օրինակ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նախաձեռնելը կամ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը չճանչնալը: Իսկ վերջին ամիսներուն, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու սերտացման վառ ապացոյցներէն մէկը Ռուսիոյ նախագահին յառաջիկայ այցն է Հայաստան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու տեղակայման ժամկէտին երկարաձգումը:
Միւս կողմէ, ՀՅԴի ներկայացուցչը նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստան պէտք է վերջնականապէս սառեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացը, որովհետեւ առանց արձանագրութեանց վաւերացման իսկ, «Թուրքիա արդէն ստացած է իր ուզածին մօտ 80 տոկոսը»:
Նշենք, որ նոյն օրը, դիւանագիտական աղբիւրներ անդրադարձած են՝ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի մասին 1995ին ստորագրուած պայմանագրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ արձանագրութիւնը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը ստորագրուի Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւի՝ յաջորդ շաբաթ Հայաստան կատարելիք այցին ընթացքին:
Փոփոխութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու տեղակայումը 25 տարուան փոխարէն, կ՛երկարաձգուի մինչեւ 49 տարի՝ սկսեալ 1995էն։ ՌԴ շահերու պաշտպանութեան գործառոյթներէն բացի, ռուսաստանեան ռազմակայանները՝ Հայաստանի զինուած ուժերուն հետ միասին՝ կ՛ապահովեն ՀՀ անվտանգութիւնը: Իսկ նշուած նպատակներու իրականացման համար ռուսական կողմը «աջակցելու է Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժամանակակից եւ համատեղ սպառազինութիւններով եւ ռազմական (յատուկ) ճարտարագիտութիւն ապահովելու գործում»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ