Ըստ ՀՅԴի՝ Երեւանը Պէտք Է Հայ Դատին Հարցը Բարձրացնէ Միջազգային Կառոյցներու Մէջ

By Նիուզ | Monday, 13 September 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Սեպտեմբեր 10ին յայտնած է, թէ կարելի է ողջունել այն փաստը, որ Պաքուն ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 64րդ նստաշրջանէն հանած է <<Իրավիճակը Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն մէ>>ջ կոչուած բանաձեւը, <<սակայն ձեռք բերուածով պէտք չէ բաւարարուիլ>>, աւելցուցած է ան։

<<Այս ամէնի մէջ դրականն այն է, որ Ատրպէյճանի նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները Հայաստանի ԱԳՆին ստիպում են դուրս գալ քնի վիճակից եւ աքթիւ քայլերի դիմել, սակայն չարժէ բաւարարուել ձեռք բերուածով եւ ուրախանալ, որ այս նստաշրջանում հարցի քննարկումը յաջողուեց կանխել: Աքթիւօրէն պէտք է աշխատել ոչ միայն այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանը նախաձեռնողականութիւն է ցուցաբերում, այլ պարբերաբար, որպէսզի այդ նախաձեռնութիւնները կանխուեն», իր խօսքին մէջ նկատել տուած է Գալստեան ու ընդգծած, թէ Երեւանը ի՛նք պէտք է նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերէ եւ միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրացնէ Հայ Դատին հարցը:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր 9ին Ատրպէյճանը ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 64րդ նստաշրջանէն հանած էր <<Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մասին>> կոչուած բանաձեւը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը խօսուէր ատրպէյճանցի փախստականներուն բնակութեան նախկին վայրեր վերադարձի անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ <<Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէ>>ջ յուշարձաններու եւ սրբատեղիներու ոչնչացման անթոյլատրելիութեան մասին:

comments