By Asbarez | Friday, 31 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ մամլոյ դիւան».- Ընկերվար միջազգայնականի 24րդ համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ 30 Օգոստոսին, Քէյփ Թաունի մէջ (Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն), մասնակցութեամբ աւելի քան հարիւր կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացնող չորսհարիւր պատգամաւորներու։ Համագումարին բնաբանն է «Նոր միջազգայնականութեան եւ համերաշխութեան նոր մշակոյթի համար»: Համագումարը հիւրընկալած է Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը (ANC): Ընկերվար միջազգայնականի 24րդ համագումարին նախորդեց նոյն կազմակերպութեան Խորհուրդի նիստը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ համագումարին կը մասնակցի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը:
Համագումարի գլխաւոր օրակարգերէն են կազմակերպութեան ղեկավարութեան ընտրութիւնները, որոնք կը կայանան բարեփոխուած օրէնքներու հիմամբ: Օգոստոս 30ին, մրցակից չունենալու պատճառով բաց քուէարկութեամբ կազմակերպութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Յունաստանի ՓԱՍՈԿ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Էորղոս) Փափանտրէուն: Քուէներու մեծամասնութեամբ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար վերընտրուեցաւ Լուիս Այալան. միւս թեկնածուն Շուէտի Սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Մոնա Սալինն էր: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ 33 փոխնախագահներու ընտրութիւնը:
«Այլ Եւրոպա» տարածաշրջանէն փոխնախագահ ընտրուեցաւ Մա-րիօ Նալպանտեան: Նոյն տարածաշրջանէն ընտրուեցան նաեւ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն (Թուրքիա, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար), Մարիան Լուպուն (Մոլտովիոյ խորհրդարանի նախագահ) եւ Հելկա Փետերսընը (Նորվեկիա, Աշխատաւորական կուսակցութեան փոխնախագահ):
Կազմակերպական հարցեր օրակարգով, Ընկերվար միջազգայնականի համագումարը հաստատեց Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի որոշումները՝ Արդար Ռուսաստան կուսակցութեան լիիրաւ անդամի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) խորհրդակցական անդամի կարգավիճակ տալու մասին:
Վրաստանէն որպէս հրաւիրեալ համագումարին կը մասնակցէր Վրաստանի զարգացման համար Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան հեռացումէն ետք կազմակերպութեան անդամ չկայ այդ երկրէն։
Մինչեւ այս համագումարը, ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ունէր լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: ՀՅԴ անդամ Մարիա Թիթիզեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ էր, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ