Տիգրան Սարգսեան. Հայաստան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններ Հաստատելու Թուրքիոյ Հետ

By Asbarez | Monday, 10 September 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Երկուշաբթի օր ընդունած է տարածաշրջանային այցելութեամբ Երեւան գտնուող ԵԱՀԿի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Կառավարութեան տեղեկատուական կեդրոնին համաձայն՝ հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան, իրականացուող բարեփոխումներուն, Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու:

Ողջունելով դեսպանները՝ վարչապետ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումները կը նպատակադրեն լուծել շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ առեւտուրի միջավայրի ստեղծման ու կարելիութեան բարելաւման հարցը։

Անդրադառնալով ԵԱՀԿի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին արտայայտած այն կարծիքին, որուն համաձայն՝ Հայաստանը եւ Թուրքիան պէտք է յառաջանան՝ նայելով ապագային, վարչապետ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան կ՛առաջարկէ անյապաղ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ սահմանները:

«Յոյս ունեմ, որ դուք ձեր այդ մօտեցումը կը կարողանաք տարածել Թուրքիայում, որպէսզի թուրք ժողովուրդը կիսի ձեր տեսակէտն առ այն, որ կարելի է հէնց այսօր էլ, նայելով դէպի ապագան՝ Հայաստանի հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Պարզապէս պէտք է դրսեւորել քաղաքական կամք: Մենք այդ քաղաքական կամքը դրսեւորել ենք եւ ներկայումս էլ ձեզ հաստատում ենք, որ պատրաստ ենք հէնց այսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել մեր հարեւանի հետ: 21րդ դարում դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալը մեզ տեղափոխում է մի քանի դար յետ: Եկէք դուք էլ դրսեւորէք այդ բարի քաղաքական կամքը եւ առանց նախապայմանների դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէք Հայաստանի հետ: Մենք մեր քայլը կատարել ենք. գնդակը գտնւում է ձեր դաշտում: Մեզ համար կարեւոր է, որ մեր այս տեսակէտը կիսում են ե՛ւ Եւրամիութիւնը, ե՛ւ Միացեալ Նահանգները, ե՛ւ Ռուսաստանը», նշած է Տիգրան Սարգսեան: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԱՊՀ ծիրին մէջ համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ այս առնչութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ այլ հարցերու։

comments