By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ խմբակցութիւնը 2013 թուականի գարնան կայանալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին պիտի յայտարարէ Դեկտեմբերին կայանալիք ՀՅԴ Գերագոյն արտակարգ ժողովի գումարումէն ետք. այս մասին Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը եւ նշեց, թէ կայանալիք ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ խմբակցութեան աշխատանքի ընթացքն ու արդիւնքները:
«Ժողովից յետոյ՝ Դեկտեմբերի վերջին, մենք յստակ հանդէս կը գանք յայտարարութեամբ մը այն մասին թէ՝ առաջադրո՞ւմ ենք մէկ միասնական թեկնածուի, սատարո՞ւմ ենք որեւէ այլ քաղաքական ուժի, չէզո՞ք դիրք ենք պահպանում, թէ ո»չ, ըսաւ Մինասեան:
Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ ոչ թէ մէկ քաղաքական գործչի կը սատարէ, այլ՝ սկզբունքներու, որոնք կրնան նպաստել մեր երկիրի մարտահրաւէրներու արդիւնաւէտ լուծումին:
Նախագահական ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան 2013ի Փետրուարին: 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴի թեկնածուն էր Վահան Յովհաննիսեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ