Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Համար Դաշնակցութիւնը Կ՛առաջարկէ Լուծման Երկու Տարբերակ

By Asbarez | Thursday, 11 October 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- «Երեք տարի առաջ ոչ միայն համոզուած էինք, այլեւ իշխանութիւններին էինք ներկայացնում, որ Հայ-թուրքական արձանագրութիւնները ապագայ չունեն: 3 տարի անցել է, եւ եթէ իրենք վերյիշեն, թէ ինչի՛ էին ձգտում եւ ինչի՛ հասան, ի՛նչ էինք մենք նախազգուշացնում եւ ի՛նչ կատարուեց, կը յստականայ, որ մեր ասածները հիմնականում իրականացել են», յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան՝ «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի Հարցը» ծրագիրէն անդրադառնալով Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան։

Անոր համաձայն՝ սխալ էր այն տեսակէտը, թէ արձանագրութիւններով կը տկարանան Ատրպէյճանի դիրքերը եւ կամ Թուրքիան ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չ՛առնչեր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ: «Արդիւնքը ի՞նչ է՝ սահմանները փակ են, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած չեն, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի են սրացել, Ղարաբաղի խնդրի լուծումն աւելի է բարդացել, Թուրքիան աւելի է միջամտում ղարաբաղեան հարցին: Յստակ է, որ թուրք-ատրպէյճանական ճնշումը աւելի է հզօրացել եւ աւելի է միասնաբար պայքարում», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ, ըստ էութեան՝ Թուրքիոյ մօտեցումները եւս կ՛ընդունուին միջազգային մակարդակի վրայ, մանաւանդ որ Քեթրին Էշթընը վերջերս կրկին յայտարարած էր, թէ այնքան ատեն, որ ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, դիւրին պիտի չըլլայ սահմանի բացումը:

Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, դժուարացուցին նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, իսկ հայութիւնը պառակտուեցաւ: Արմէն Ռուստամեան այս առիթով հարցում ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ արձանագրութիւնները յօգուտ Հայաստանի են. «Եթէ այդքան ճիշդ էք, եթէ մեզ համար ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ չէք վաւերացնում»:

«Պարզ հարց ենք տալիս, եթէ բոլորի համար ակնյայտ է, բացի իշխանութիւններից, որ քանի դեռ Արցախի հարցը չի կարգաւորուել, չեն վաւերացուի արձանագրութիւնները, դրանք պահելու իմաստն էլ ո՞րն է», հարց ուղղած է Արմէն Ռուստամեան ու առաջարկած լուծման երկու տարբերակ՝ կա՛մ վաւերացնել արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարանին առաջադրած վերապահումներով, կա՛մ զանոնք չեղեալ յայտարարել:

«Վատն այն է, որ մենք սպասում ենք, թէ ի՞նչ կ՛անի Թուրքիան… նախաձեռնութիւնը զիջել ենք նրան: Մեր նախաձեռնողականից միայն անունն է մնացել», եզրափակած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

comments