By Asbarez | Wednesday, 31 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հրապարակ» օրաթերթը գրած է հետեւեալը. «Պարզւում է՝ ՀՅԴն սովորաբար Հինգշաբթի օրերին Գերագոյն Մարմինի նիստեր է անում: Սակայն ՀՅԴ ԳՄ նիստը, ինչպէս եւ ՀՀԿ ԳՄինը, անցած շաբաթ տեղի է ունեցել Ուրբաթ օրը»:
Թերթը նշած է, որ Դաշնակցութիւնը որոշում տուած է երկու հարցի առնչութեամբ.
«ա) ստեղծուած քաղաքական-հասարակական պայմաններում նախագահական ընտրութիւններին չի մասնակցելու սեփական թեկնածուով. յիշեցնենք, որ մինչ այդ հիմնականում քննարկւում էր Արծուիկ Մինասեանի թեկնածութիւնը:
«բ) Սակայն չի բոյկոտելու ընտրութիւնները. եթէ «նորմալ», իրենց գաղափարական գծին համապատասխան թեկնածու եղաւ, կը պաշտպանեն, եթէ ոչ՝ առանց բօյկօտի մասին բարձրագոչ յայտարարութիւնների չեն մասնակցի»:
Այս գծով յստակացումներ կատարելու նպատակով «Երկիր»ը կապ հաստատած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի հետ՝ հարց տալով, որ արդեօք այդ տեղեկութիւնները իսկակա՞ն են։
«Երկիր» կայքի աշխատակիցին Աղուան Վարդանեան յայտնած է.
«ա) ՀՅԴն նախագահական ընտրութիւններին իր մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերեալ որեւէ որոշում առայժմ չունի:
«բ) ՀՅԴն յառաջիկայում հանդէս կը գայ յայտարարութեամբ, որում ձեւակերպուած կը լինեն մեր պետականութեան առջեւ կանգնած հիմնարար խնդիրները, եւ այդ խնդիրները կը դնուեն քաղաքական օրակարգում, կը քննարկուեն հասարակութեան լայն շերտերի եւ քաղաքական ուժերի հետ:
«Եւ միայն այդ հարցերի քննարկումից յետոյ մենք կ՛անդրադառնանք մասնակցութեան մեր ձեւաչափին: Բազմիցս ասել ենք, որ այդ լիազօրութիւնը վերապահուած է ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին, որը կը կայանայ Դեկտեմբերին«, հաստատած է Աղուան Վարդանեան:
Ան նաեւ խորհուրդ տուած է թերթերուն եւ կայքէջներուն, ըսի-ըսաւներով չտարուիլ, մանաւանդ չազդուիլ ուղղուածութիւն ունեցող տարաձայնութիւններէ։ Վարդանեան դիտել տուած է. »ՀՅԴն այն քաղաքական ուժն է, որն իր որոշումը կը կայացնի ինքնուրոյն եւ անկախ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ