By Asbarez | Wednesday, 15 December 2010
ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 13ին, «Golden Palace»ի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակին նուիրուած պատօնական ընդունելութիւնը, որուն հրաւիրուած էին բազմաթիւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, Հայաստանի մէջ գործող դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ եւ մշակոյթի ու հասարակական ներկայացուցիչներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան: Իր հերթին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իր ելոյթին ընթացքին կարեւոր համարեց Դաշնակցութեան դերը յատկապէս Սփիւռքի մէջ. «Այսօր էլ իր նոր դերակատարութիւնում կուսակցութիւնն աշխատում է կառուցողական մօտեցում հանդէս բերել հայրենիքի, պետութեան կայացման, զարգացման եւ առաջընթացի համար», յայտնեց նախարարը:
«Մենք բաւական գաղափարական տարաձայնութիւններ ունենք, բայց միեւնոյն ժամանակ կարողանում ենք երբեմն-երբեմն պետութեան ռազմավարական հարցերում համատեղել մեր ուժերը, եւ ժամանակները ցոյց տուեցին, որ դրանով բաւական արդիւնաւէտ իրավիճակ է ստեղծւում Հայաստանի հանրապետութեան համար», շնորհաւորելով Դաշնակցութեան յոբելեանը՝ յայտնեց ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան, իսկ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան (ՕԵԿ) ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան համոզում յայտնեց, թէ 120ամեայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր մեծ դերն ու նշանակութիւնը ունեցած է հայոց պատմութեան մէջ: «Այսօր էլ ՀՅԴն մեծ դեր ու նշանակութիւն ունի ոչ միայն ներքին, այլ նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այդ առիթով շնորհաւորում եմ, ցանկանալով որ շարունակի իր պատմութիւնը եւ կերտի հայոց պատմութեան մէջ իր կենսագրութիւնը՝ աջակցելով հայ ժողովրդի ապագայի կերտմանը», յայտնեց ան:
Նոյն օրը, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 120ամեակին նուիրուած համերգ մը, որուն ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, կառավարութեան անդամներ եւ այլոք:
Ձեռնարկի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, թէ կուսակցութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկները հաւանդաբար զերծ եղած են զուտ կուսակցական ընկալումէ՝ վերածուելով հայրենասիրական ոգիի բարձրացման իւրօրինակ տօնի:
Ըստ անոր, այդ ձեռնարկները միաժամանակ առիթ եղած են քննարկելու ներազգային, կուսակցութեան ու ընելիքներու հետ կապուած՝ բոլորը յուզող խնդիրները: «Եւ դա բնական է, որովհետեւ ՀՅԴ գործունէութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան կեանքից երբեք անջատ չի եղել ու չի կարող լինել: Իսկ որեւէ կազմակերպութեան գործունէութեան ճիշդ կամ սխալ լինել որոշողը մէկն է՝ պատմութիւնը, ասել է՝ ժամանակն ու սերունդները: Ժողովրդի ճակատագրով ապրելու եւ ժողովրդի համար գործելու աւելի լաւ ապացոյց դժուար է պատկերացնել, քան այն, որ 120 տարի է արդէն, ինչ Դաշնակցութիւնը տօնում է իր տօնը ժողովրդի հետ եւ հաշիւ տալիս իր ժողովրդին», յայտնեց Ա. Ռուստամեան:
Յոբելինական համերգին հայրենասիրական կատարումներով հանդէս եկան երգիչներ ու ելոյթ ունեցան պարախումբեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ