Ոչ Եւս Է Խմբավար Օհան Դուրեան

By Asbarez | Tuesday, 11 January 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 6ին իր մահկանացուն կնքեց 88 տարեկան աշխարհահռչակ խմբավար Օհան Դուրեան, որ իր կեանքի վերջին վայրկեաններուն խնդրած է Մոցարթի երաժշտութիւնը ունկնդրել, ու իր հոգեվարքի պահուն անգամ՝ ան «չափ տուած» է։

Օ. Դուրեան ծնած է 1922ին, Երուսաղէմ: Խմբավարութիւն եւ երգահանութիւն ուսած է տեղի դպրոցներուն մէջ: Վաղ երիտասարդութեան տարիներուն համերգային շրջագայութիւններ կատարած է Եւրոպա, եւ մինչեւ 1950ականները ղեկավարած է Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը:

Չենթարկուելով խորհրդային հասարակարգին՝ Օ. Դուրեան բնակութիւն հաստատած է Եւրոպայի մէջ: 1962-69 տարիներուն, իբրեւ խմբավար հանդէս եկած է Լայպցիկի օփերայի թատրոնին եւ Լայպցիկի «Կեւանտհաուս» նուագախումբին հետ, որուն ղեկավար նշանակուած է ան երկու անգամ:

Դուրեան աշխատած է աշխարհի 110 երկիրներու նուագախումբերուն հետ: Հայաստանի անկախացումէն ետք ան վերադարձաւ Հայաստան, եւ երկրի իշխանութիւններուն հրաւէրով ստանձնեց Հայաստանի Ազգային օփերայի նուագախումբի գլխաւոր խմբավարի պարտականութիւնը: 2002-2006 թուականներուն, Օհան Դուրեան ղեկավարած է նաեւ Մոսկուայի սիմֆոնիք նուագախումբը:

Վերջին տարիներուն, Օհան Դուրեան ակնառու դարձած էր քաղաքացիական իր աշխոյժ կեցուածքով՝ հանդէս գալով Հայաստանի իշխանութիւններուն գործունէութիւնը քննադատող սուր ելոյթներով եւ յօդուածներով:

Ըստ հանգուցեալի այրիին՝ Ալիս Դուրեանին, խմբավարին վերջին խօսքերը ուղղուած էին իր մօրը, իսկ միտքերը եղած էին իր հայրենիքին հետ։ Օհան Դուրեան ապրած է քաղաքացիի եւ մտաւորականի ամբասիր կեանքով, ու եղած է միշտ հաւատարիմ իր սկզբունքին՝ ծառայել իր ժողովուրդին:

«Նա գնաց, բայց իր մշակութային անգնահատելի ժառանգութեամբ շարունակում է ապրել հայրենիքի արժանաւոր քաղաքացիների հոգիներում: Այն ամէնը, ինչ ունէր, Դուրեանը տուեց իր ժողովրդին: Եւ ժողովուրդը, անշուշտ, կը հատուցի նրա յիշատակին», նշուած է տիկին Դուրեանի յղած հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի կառավարութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է հանգուցեալի ընտանիքին եւ մերձաւորներուն:

Խմբավար Օհան Դուրեանի թաղումը կազմակերպելու համար, ՀՀ վարչապետին որոշումով ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով մը՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ:

comments