Գարեգին Նժդեհի Մասին Շարժապատկերի Ա. Ցուցադրութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 08 January 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ շարժապատկերի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ հանրութեան պիտի ներկայացուի հայազգի պանծալի զաւակ, սպարապետ Գարեգին Նժդեհի կտրած ու կերտած ռազմական փառապանծ ու դժուար ուղին: «Գարեգին Նժդեհ» գեղարուեստական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի 28 Յունուարին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ։

29 Յունուարէն սկսեալ բեմադրիչ Հրաչ Քէշիշեանի ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Երեւանի բոլոր շարժապատկերի սրահներուն մէջ:  Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած են զօրավարին կեանքի յայտնի, ինչպէս նաեւ ոչ այնքան լուսաբանուած դրուագները: «Ամենաբարձր իրաւունքը, որ կարող է ունենալ մի քաղաքացի, իրեն ծնած ժողովրդին առաջնորդելն է», համոզուած էր մեծ զօրավարը: Քահանայի ընտանիքի զաւակը, որ  անմնացորդ նուիրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, վստահ էր՝ «Սիւնիքը աշխարհագրական մեր հայրենիքի ողնաշարն է, առանց որի Հայաստան գոյութիւն ունենալ չի կարող»:

Ժապաւէնին երաժշտութեան հեղինակը Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Յակոբեանն է (Հայկօն): Փորձ կատարուած է ստեղծելու Նժդեհի շարժապատկերային իսկական կերպարը՝ հայրենասէրի, փիլիսոփայի եւ պարզապէս հասարակ մահկանացուի: Գլխաւոր հերոսին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացուած է երկու ժամանակահատուածներու ընթացքին: Երիտասարդ Նժդեհը մարմնաւորած է դերասան Շանթ Յովհաննիսեանը, իսկ հասուն զօրավարինը՝ Արտաշէս Ալեքսանեանը:

Հայ սիրուած դերասաններէն բացի, ժապաւէնին մէջ դերերով հանդէս եկած են Ռուսիոյ ժողովրդական դերասանուհի Չուլպան Խամատովան, որ ստանձնած է Նժդեհի կնոջ դերը, ինչպէս նաեւ Խորէն Լեւոնեանը, Միխայիլ Եֆրեմովը եւ ուրիշներ:

comments