By Նիուզ | Monday, 07 February 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երկպալատանի խորհրդարան ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն ներկայացուցած գաղափարը՝ իրաւական առումով՝ իրագործելի է եւ կրնայ արդիւնաւէտ դարձնել օրէնսդիր մարմինին գործունէութիւնը: Այս մասին, Փետրուար 2ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ան նշեց, թէ նման խորհրդարանի մը ստեղծումը կը պահանջէ սահմանադրական փոփոխութիւններ եւ որոշ պահանջներու գործադրում:
Մասնաւորապէս, ըստ պատգամաւորին, երկպալատանի խորհրդարանի ընտրութիւններուն իրականացման ընտրակարգը նոյնպէս պէտք է յստակօրէն սահմանուած ըլլայ, եւ Պալատը պէտք է ձեւաւորուի ո՛չ թէ մեծամասնական, այլ համամասնական ընտրակարգով՝ ձեւաւորուած կուսակցութիւններու սկզբունքով:
Երկպալատանի խորհրդարանի անդամ դառնալու համար, Մինասեանի խօսքով, պարտադիր պայման պէտք է ըլլայ ՀՀ քաղաքացիութիւնը, որպէսզի ՀՀ Սահմանդրական կարգի հիմնադրոյթները տարածելի ըլլան պալատի անդամներուն վրայ. «Ես կարծում եմ, որ նման պալատի ստեղծումը կարող է շատ օգտակար լինել մեր երկրի օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման համար, եթէ այդ մարմինը արդիւնաւէտ գործի, այլ ոչ թէ պարզապէս ձեւականութիւն լինի», յայտարարեց պատգամաւորը
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ