By Asbarez | Wednesday, 10 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր», «Ռիփորթ», «7 Օր».– Հայ Յեղափոխութեան Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան 10 Ապրիլին Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, անկէ ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին, ինչպէս նաեւ «7 Օր» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է 9 Ապրիլին Հայաստանի մէջ պարզուած պատկերին, դատապարտած է տեղի ունեցած դէպքերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Դաշնակցութեան կեցուածքին։
«Նախօրէին տեղի ունեցած միջադէպերի առանձին դրուագներում նկատելի էին ոստիկանութեան կողմից ոչ համաչափ գործողութիւններ», Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յայտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
Անդրադառնալով յատկապէս Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի նկատմամբ եղած խոշտանգումին՝ Ա. Մինասեան նախ դատապարտած է կատարուածը, ապա դիտել տուած է, որ այս պարագային եւս անհամաչափութիւն դրսեւորուած է ոստիկանութեան կողմէ:
«Մեր երկրում նման դէպքերը լինելու են, չենք կարող խուսափել սադրիչներից, բայց, այնուամենայնիւ, իշխանութիւնները, քաղաքացիական հատուածը, իրաւապահ մարմինները պէտք է ճիշդ գնահատեն իրավիճակը, որպէսզի մենք կարողանանք համակարգային բարեփոխումների արդիւնքի հասնենք», յայտնած է ան։
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը ինչո՞ւ 9 Ապրիլին ժողովուրդին կողքին չէր՝ Մինասեան յայտնած է. «Դաշնակցութիւնը միշտ էլ ժողովրդի հետ է եղել ու կա՛յ:
Իսկ երէկ Բաղրամեանում մենք չէին կարող լինել, որովհետեւ այդ սցենարը նախապէս կանխատեսել էինք: Ասել էինք, որ այդ սցենարը ոչ մի լուծում չի՛ տալու։ Մենք առաջարկել էինք լուծում, որպէսզի երէկուայ սցենարը չլինէր: Ցաւալի է, բայց նրանք, ովքեր պատասխանատու են շարժման համար, չլսեցին մեզ: Հիմա էլ որտե՞ղ լինէր Դաշնակցութիւնը»:
Ըստ անոր, 9 Ապրիլի իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ ՀՅԴն ճիշդ էր. «Երիցս ճիշդ էինք, երբ պնդում էինք, որ երկրում ստեղծուած լարուած իրավիճակի ելքը իշխանութիւնընդդիմութիւն քաղաքական միասնական օրակարգն է»։
«7 Օր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծուիկ Մինասեան չէ բացառած, որ 9 Ապրիլի դէպքերէն ետք Դաշնակցութիւնը վերանայի Ազատութեան հրապարակ երթալու եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողքին հարթակին վրայ կանգնելու իր որոշումը: «Հետագայ ընթացքը մենք առանձին կը վերլուծենք եւ կը հրապարակենք մեր գործողութիւնների մասին»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ