Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեամբ Մեղադրուող Անձին Մարմնին Վրայ Կրակոցի Հետքեր Կան

By Asbarez | Wednesday, 10 April 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ոստիկանութիւնը Պռոշեանի գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան վերաբերեալ նոր մանրամասնութիւններ հաղորդած է:

Սպանութեան փաստով յարուցուած քրէական գործով վարոյթ իրականացնող մարմինի որոշման հիման վրայ Արտակ Պետրոսեանը ազատ արձակուած է, իսկ Արայիկ Պետրոսեանի դէմքին ու քիթին վրայ, ինչպէս նաեւ դէպքին օրը անոր կողմէ օգտագործուած «ՎԱԶ-2121» տիպի ինքնաշարժին առջեւի աջ կողմի մէջտեղի յենակի ներսի կողմէն, առջեւի ձախ դրան շրջանակէն եւ պաստառի ներսի կողմէն, դատաքիմիական փորձաքննութեամբ, յայտնաբերուած են կրակոցի հետքեր:

Հայաստանի ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան կողմէ քննուող քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

comments