By Asbarez | Monday, 14 February 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 8ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, թէ Դաշնակցութիւնը հանդէս կու գայ ընտրական իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժում ստեղծելու նախաձեռնութեամբ: «Բոլոր քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքների պաշտպանութիւնը սկսւում է ընտրական իրաւունքների պաշտպանութիւնից», ըսած է ան:
Ռուստամեանի խօսքերով, այդ շարժումը պէտք է միաւորէ հասարակական եւ քաղաքական տարբեր ուժեր՝ ընտրութիւններու մէջ կեղծիքներու եւ խախտումներու դէմ պայքարին մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ շարժումը պիտի ունենայ երկու գլխաւոր նպատակ՝ ցոյց տալ իշխանութեան, որ հասարակութեան մէջ առկայ են ուժեր, որոնք պատրաստ են պայքարելու խախտումներու դէմ, իսկ երկրորդ՝ կոչ ընել բնակչութեան չվաճառելու իրենց ձայները եւ չհաշտուելու խախտումներու հետ:
ՀՅԴ պատգամաւորին հաւաստիացումով, Դաշնակցութիւնը մտադիր է շատ բան փոխել. նախ՝ նախագահակական համակարգի փոխարէն ստեղծել խորհրդարանական համակարգ, պատգամաւորները զրկել անձեռնմխելիութեան իրաւունքէն, որպէսզի անոնք խորհրդարան չերթան պատսպարուելու համար:
«Բացարձակապէս կարեւոր չէ, թէ ընտրողը ձայնը ո՛ւմ կը տայ: Կարեւոր է, որ ընտրի: Համատարած արատաւոր դրսեւորումները, որ ունենք ընտրական գործընթացի մէջ, յանգեցրել են նրան, որ ընտրողը, իր ձայնը չկարեւորելով՝ կա՛մ դա վաճառում է, կա՛մ զիջում է ուրիշին՝ ճնշումներից ազդուելով: Իսկ դրանից օգտւում է իշխանութիւնը: Իշխանութեան վերարտադրելիութիւնը կանխելու համար, ընտրական գործընթացների վրայ իշխանութիւնների անսանձ վերահսկողութիւնը հնարաւոր է իրականացնել միայն ժողովրդական լայն շարժում ձեւաւորելու միջոցով», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ իշխանափոխութեան խնդիրը, զոր հնարաւոր է իրականացնել հասարակական մեծ զօրաշարժի միջոցով: Շարժումը պիտի ունենայ երկու հասցէատէր: Մէկը իշխանութիւնն է, որուն ազդանշան կ՛ուղղուի, իսկ միւսը՝ հասարակութիւնը, որ պէտք է հասկնայ եւ ընկալէ ընտրական իրաւունքի կարեւորութիւնը:
Շարժումը կ’իրականացուի երեք փուլով՝ նախքան ընտրութիւնները, ընտրութիւններուն օրը եւ ընտրութիւններէն ետք: «Շարժումը բազմաբովանդակ է, ունենալու է իրաւական, քաղաքական եւ ամենակարեւորը՝ վերահսկողական, կազմակերպական ասփեքթ (երեւոյթ): Կառոյցի ձեւաւորման միջոցով վերահսկելի կը դառնայ այս ամէնը, եւ կը կանխուի իշխանութիւնների վերարտադրութիւնը», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ