Աղուան Վարդանեան. ՀՅԴն Հիմա Աւելի Կը Կեդրոնանայ Իր Խնդիրներուն Վրայ

By Asbarez | Thursday, 09 May 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն եւ ընտրական գործընթացէն կուսակցութիւններուն քաղած դասերուն մասին «Փանորամա»ի հետ զրուցած են կարգ մը քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ընտրութեան արդիւնքներու յստակացումէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններ արձանագրուած են՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ իրենք բողոքարկման գործընթացի չեն սկսած. «Մենք դիմումներ, բողոքարկումներ գրեթէ չենք ներկայացրել եւ դրանով չենք էլ զբաղւում, որովհետեւ լուրջ չենք համարում այդպիսի հարցերով զբաղուելը»:

Պատասխանելով ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրութեան օրը տիրած վիճակի, ինչպէս նաեւ մամուլին մէջ արձանագրուած հեզասահ ընտրութիւնները խոչընդոտումներու պարագաներուն մասին լրագրողի ուղղած հարցումներուն՝ Աղուան Վարդանեան նշած է. «Ի՞նչ ասեմ, այդ ամէնի մասին տեղեկատուութիւնը կայ համացանցում: Ես կարող եմ ասել, որ մեր յանձնաժողովի անդամներն ու վստահուած անձինք գրեթէ 99 տոկոսով կատարել են իրենց պարտականութիւնները»:

Ընտրութիւններէն քաղուած դասերուն մասին՝ Աղուան Վարդանեան հետեւեալ ուշագրաւ ընդգծումը կատարած է. «Բնականաբար մենք էլ մեղքի մեր բաժինն ունենք, բայց պետական համակարգն ամբողջութեամբ դարձել էր ընտրական համակարգ, համատարած ընտրակաշառքն այս անգամ եւս ունեցաւ իր ազդեցութիւնը եւ գումարած դրան՝ թաղային հեղինակութիւնների գործողութիւնները: Սա արդէն մեր համար սովորական է, նորմալ է, մենք հիմա աւելի կենտրոնանում ենք մեր խնդիրների վրայ»:

comments