By Asbarez | Thursday, 30 May 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան-Թուրքիա գաղտնի բանակցութիւններ չկան. նման լուրեր տարածում է թուրքական եւ ադրբեջանական մամուլը: Դրանք ձեռնտու են միայն Թուրքիային»: 30 Մայիսին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը: «Թուրքիան ամէնուրեք համոզում էր, որ ինքը մեզ հետ երկխօսութեան մէջ է: Այդ տեսակէտից արձանագրութիւնները յստակ ֆիքսեցին դիրքորոշումները եւ արդէն այսօր, երբ Թուրքիան փորձում է նոյնը խօսել, թէ (ի դէպ, ուշադրութիւն դարձրէք, որ դա որպէս կանոն թուրքական մամուլը, մէկ-մէկ էլ ադրբեջանական մամուլն է գրում) իբր ինչ-որ գաղտնի բանակցութիւններ կան, սակայն որեւէ բանակցութիւն չկայ, այդ լուրերի տարածումը ձեռնտու է միայն Թուրքիային», յայտնած է Քոչարեան՝ շեշտելով, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը Թուրքիան վիժեցուցած է:
Քոչարեանը շեշտած է, որ պէտք է լաւապէս պատրաստուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին, որուն Թուրքիան ալ կը պատրաստուի: «Թուրքիան շատ բուռն է պատրաստւում, տրուել են հրահանգներ, ներգրաւում են նաեւ արտասահմանում բնակուող ադրբեջանցիներին, որպէսզի կարողանան կասեցնել հարիւրամեակից առաջ թափ առած գործընթացը», ըսած է Քոչարեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ