By Asbarez | Friday, 21 June 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսահայ նշանաւոր երգահան-արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ 7-14 Յուլիսին տեղի ունենալիք 10րդ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի բացման: Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցադրութիւնը այն ժապաւէններուն, որոնց մէջ դերեր ստանձնած է Շարլ Ազնաւուր, իսկ փառատօնի բացումը պիտի ազդարարուի յայտնի երգիչին մասնակցութեամբ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակել դաշնակահարի վրայ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:
«Ոսկէ ծիրան» 10րդ միջազգային փառատօնին կ՛աջակցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի դեսպանութիւնները, որոնք պիտի ստանձնեն փառատօնի ծրագիրերու որոշ մասի հովանաւորութիւնը, յայտնած է «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը: Փառատօնը այս տարի պիտի սկսի եւ աւարտի ֆրանսական ժապաւէններով: Ֆրանսայի դեսպանութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է կապ հաստատել ֆրանսացի նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին՝ հայազգի շարժապատկերի գործիչ Սերժ Աւետիքեանի, շարժապատկերի քննադատ Ժան Ռատուանի եւ արտադրիչ Էտիթա Եանչակ-Հիրիարտի հետ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտնած է, որ իրենք ուրախ են աջակցելու «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին, որուն պիտի հիւրընկալուի հռչակաւոր բեմադրիչ Կոտֆրի Ռեճիոն, որ վարպետութեան դասեր պիտի տայ Երեւանի մէջ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերային իմաստով աջակցութեան փաստը՝ նշելով, որ այս տարուան համար պատրաստուած է 11 ժապաւէն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նիւթով։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ