Աղուան Վարդանեան. «Ընդամէնը Հինգ Հոգով Կարողանում Ենք Որոշակի Երանգ Տալ Խորհրդարանին»

By Asbarez | Friday, 21 June 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».–  Ազգային ժողովի գարնանային նստաշրջանը, ըստ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի, որեւէ առանձնայատկութիւն չունէր եւ հերթական նստաշրջան էր: Պատգամաւորը չի կարծեր, որ այս խորհրդարանին մէջ նստաշրջանները մէկը միւսէն տարբեր ըլլալու որեւէ հակում ունենան: «Կայ յստակ մեծամասնութիւն, որը անկախ նրանից թէ ինչպիսի օրէնքներ են, ինչպիսի քննարկումներ են, քուէարկութեամբ ընդունում են դրանք», յայտնած է Աղուան Վարդանեան եւ նշած, որ հաւանաբար միակ առանձնայատկութիւնը վերջին քառօրեային Վերահսկիչ պալատի 2012ի հաշուետուութեան քննարկումն էր, որով բազմաթիւ կոպիտ խախտումներ եւ չարաշահումներ բացայայտուեցան։

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, ՀՅԴ խմբակցութիւնը ընդամէնը հինգ հոգիով որոշ երանգ կը յաջողի տալ խորհրդարանին, կ՛առանձնանայ իր դիրքորոշումներով: «Մենք փորձում ենք խորութեամբ քննարկել հարցերը, ներկայացնել կառավարութեան բերած օրինագծերի թերութիւնները, շտկումներ անել, բայց մեծ հաշուով էական ազդեցութիւն քուէարկութիւնների վրայ չենք կարող ունենալ», յայտնած է ան:

Քաղաքական բանավէճերու եւ քննարկումներու մասին խօսելով՝ «Աժն բաւական քաղաքականացուած է», նշած է Աղուան Վարդանեան: Ըստ անոր, խորհրդարանին մէջ քաղաքական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, եւ իրենք իսկապէս հիմնարար առաջարկներ կը ներկայացնեն ոչ միայն զուտ նիստերուն ընթացքին, այլ նաեւ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի, յայտարարութիւններու, գրաւոր հարցապնդումներու միջոցով: «Այսօր կայ քաղաքական բանավէճ՝ երկրի ընթացքի, ուղղութիւնների, մարտահրաւէրների շուրջ: Քաղաքական օրակարգն այսօր գոյանում է», դիտել տուած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

Աղուան Վարդանեան համամիտ է այն տեսակէտին, որ Ազգային ժողովը զբաղի վարչապետի անուան հետ առնչուած արտերկրի ընկերութեան սկանտալային պատմութեամբ, թէկուզ ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծուի, եւ աւելի լրջութեամբ ու մանրամասն քննէ հարցը: Ան աւելցուցած է, որ այդ յանձնաժողովի անհրաժեշտութիւնը այն է, որ ամբողջական վստահութիւն չկայ իրաւապահ մարմիններուն նկատմամբ:

«Մամուլում, ի վերջոյ, հրապարակումներ են եղել, որ ժամանակին Աշոտ Սուքիասեանը Հայաստանում է եղել եւ կարողացել է երկրից դուրս գալ, երբ որ դրա իրաւունքը չի ունեցել», նշած է Վարդանեան:

«Օֆշորային պատմութեան հետ կապուած անունների շրջանակն ինքնին հետաքրքիր է, խնդիրը նաեւ մեր ազգային պետական անվտանգութեան ոլորտից է, ու շատ լրջօրէն դրանով պէտք է զբաղուել, հերքելիքը՝ հերքել, իրականութիւնը՝ հաստատել», յայտնած է Վարդանեան՝ չուզելով ոեւէ մէկը մեղադրել կամ արդարացնել, որովհետեւ ինք դատաւոր չէ։ Աղուան Վարդանեան նաեւ չէ բացառած, որ տասնեակ ուժերու կամ անհատներու, կամ ալ ներքաղաքական զարգացումներու առումով նման սկանտալի նկատմամբ հետաքրքրութիւն դրսեւորուի:

«Գիտէ՞ք, խնդիրը որն է, օրինակ՝ եղել է դէպք, երբ մի բարձրաստիճան պաշտօնեայի հետ կապուած հրապարակում է եղել, եւ փոխանակ այդ պաշտօնեան, նրա աշխատակազմը խնդրով զբաղուեն, ամբողջ մէկ շաբաթ մտածել են, զբաղուել են՝ արդեօք այդ հրապարակումը եղել է նախագահականի, նախագահի իմացութեամբ, թելադրանքով, թէ՝ ո»չ, նշած է Վարդանեան:

comments