By Asbarez | Friday, 21 June 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».– Կոտայքի մարզի Պռոշեան եւ Շիրակի մարզի Հովիտ համայնքներուն մէջ 14 Յուլիսին տեղի ունենալիք գիւղապետի արտակարգ ընտրութիւններուն ներկայ դրութեամբ առաջադրուած են համապատասխանաբար երեք եւ երկու թեկնածուներ:
Թեկնածուներու առաջադրումը սկսած է 19 Յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 3 Յունիս:
Այս մասին «Փաստինֆօ»ի թղթակիցին յայտնած են Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովէն, Պռոշեանի գիւղապետի ընտրութիւններուն ինքնաառաջադրուած են Պռոշեան համայնքի ղեկավարի տեղակալ, ՀՅԴ անդամ Վովա Սահակեանը եւ անկուսակցականներ՝ «Հայաստանի Նախագծերի պետական արտագերատեսչական փորձաքննութիւն» ընկերութեան գլխաւոր մասնագէտ Ալեքսան Ալեքսանեանն ու «ԴԵԼԻԿՏ»ի տնօրէն Ցոլակ Գրիգորեանը:
Հովիտ համայնքին մէջ առաջադրուած են ՀՀԿ անդամ Աւետիք Սերոպեանը եւ անկուսակցական, գիւղի անասնաբոյժ Ռազմիկ Յակոբեանը: Ա. Սերոպեան առաջադրուած է ՀՀԿի կողմէ, իսկ Ռ. Յակոբեան ինքնաառաջադրուած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ