Ա. Վարդանեան. «ՀՅԴն Ներքին Ակտիւ Քննարկումներով Փորձում Է Վերաիմաստաւորել Իր Գործունէութիւնը»

By Asbarez | Wednesday, 26 June 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներսում ակտիւ քննարկումներ են: Կուսակցութեան անդամները վերաիմաստաւորում են վերջին տարիների գործունէութիւնը»: 26 Յունիսին «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը: «Մեզ մօտ քննարկումներ են՝ վերաիմաստաւորելու մեր վերջին տարիների գործունէութիւնը, բացթողումները, սխալները, հասկանալու երկրի իրական վիճակը եւ մեր դերակատարութիւնը»։

Անոր համաձայն, անկախ երկրին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու բնոյթէն, պարզ է, որ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժը տակաւին չէ կրցած հասարակութեան լայն շերտերուն մօտ վստահութիւն, հաւատք ներշնչել եւ իրենց կողքին կանգնելու պատրաստակամութիւն յառաջացնել: Այս երեւոյթը ՀՅԴի անդամներուն համար քննարկումներու, ներքին բարեփոխումներու անցնելու մղում է: «Կարծում եմ, որ առնուազն առաջիկայ մէկ տարում ճիշդ կը լինի, որ առաջին հերթին զբաղուենք մեզանով, մեր ներքին բարեփոխումներով, եւ փորձենք վերականգնել մեր քաղաքացիների, մեր հասարակութեան զգալի հատուածի վստահութիւնը: Որ դրա հիմքերը կան, ես վստահ եմ», յայտարարած է Աղուան Վարդանեան:

«Թւում է, թէ քաղաքական ակտիւ գործընթացները դադարել են, Ազգային ժողովն արձակուրդում է, ամառային անդորր է, յետընտրական ցիկլն աւարտուել է, եւ քաղաքական հիմնական ուժերը դադարի մէջ են: Բայց միւս կողմից երբեք այսքան ներքին մեծ լարուածութիւն մեր հասարակական-քաղաքական կեանքում չի եղել, որքան այսօր», նշած է Աղուան Վարդանեանը: Ան նշած է, որ երկրին մէջ կը տիրէ բարոյահոգաբանական ծանր մթնոլորտ, ազգային-պետական արժէքներու նահանջ, հեռանկարի բացակայութիւն, արտագաղթի տրամադրութիւններ, կառավարութեան կամ իշխող մեծամասնութեան շարքերուն մէջ որոշակի գործընթացներ, Վերահսկիչ պալատ-կառավարութիւն ակնյայտ հակասութիւն, օֆշորային խայտառակութիւններ, խախտումներ մարզերուն մէջ, ամէն օր բողոքներ գիւղերուն մէջ, կազի, ելեկտրականութեան սակերու խնդիր:

Անոր համաձայն, հասարակութեան մէջ կան հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնք գոհ չեն երկրին մէջ տիրող կացութենէն: Անոնք իսկապէս կ՛ուզեն ունենալ ժողովրդավար բնական երկիր, այս տարածաշրջանին մէջ դերակատար անկախ պետականութիւն եւ հզօր քաղաքացի:

Իշխանութեան շարքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն պատճառը, ըստ Վարդանեանի, «մեր քաղաքական համակարգը գերմոնոպոլացուած է, բոլորը սպասում են նախագահի խօսքին, թէ ինչպէս կը կողմնորոշուի, ինչ կ՛ասի այս կամ այն անձի վերաբերեալ»:

Այս լուռ ներքին համակարտութիւնը, Վարդանեանի կարծիքով, շատ ջուր կը վերցնէ: «Իբրեւ քաղաքացի ես կ՛ուզենայի, որ գոնէ յառաջիկայ աշնան սկզբին Հայաստանի նախագահը ուղերձով դիմէր ժողովրդին: Եւ ներքին հարցերը եւ արտաքին մարտահրաւէրները այնքան են հասունացել, որ ուղակի նման ելոյթի ահրաժեշտութիւն կայ: Պէտք է տրուեն այս փուլի մեր երկրի ուղենիշները եւ զարգացման հնարաւորութիւնները եւ յստակ խաղի կանոններ թելադրուեն, որով պէտք է այս երկիրը հնարաւորութիւն ստանայ բնականոն զարգանալ եւ այս վիճակից դուրս գալ», յայտարարած է Վարդանեան եւ ընդգծած, որ կը նահանջենք նաեւ մեր հիմնական բարոյական, մշակութային, հոգեւոր արժէքներէն:

Անդրադառնալով վարչապետի անուան հետ առնչուած արտերկրի գործունէութեան խայտառակութեան, Աղուան Վարդանեան նկատել տուած է, որ նախ պէտք է ճշդել թէ նման բան կա՞յ, թէ ոչ։ Ան կրկին առաջարկած է, որ այս նպատակով Ազգային ժողովին մէջ ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծուի։

«Գիտէք, տարօրինակ բաներ են կատարւում: Ի վերջոյ, այս բացայայտումը, «մամուլի հրապարակումը» չի եղել երեք տարբեր, իրար հետ կապ չունեցող մարդկանց վերաբերեալ: Աշոտ Սուքիասեանը եւ Նաւասարդ Կճոյեանը խաչքաւոր են, եւ ինչպէս Նաւասարդ Կճոյեանն է իր հարցազրոյցում նշել, բազմաթիւ անգամ միասին ճամբորդել են, չնայած ես չեմ հասկանում՝ եկեղեցու խաչքաւորները մի՞շտ են այսքան ճամբորդում: Վարչապետը եւ սրբազանը շատ սերտ յարաբերութիւններ ունեն, որքան տեղեակ եմ սրբազանը վարչապետի երեխաներից մէկի կամ մի քանիսի քաւորն է: Այսինքն կառուցուել է մի շղթայ, որոնք առնչութիւններ ունեն իրար հետ», նկատել տուած է Վարդանեան։

Վարչապետին հրաժարականի վերաբերեալ դատողութիւններ չէ ուզած կատարել Վարդանեան՝ նշելով, որ ուրիշ երկիրներու մէջ, «սրա մէկ տասներորդականն էլ բաւարար էր, որ վարչապետը հրաժարական տար»: Բայց եւ այնպէս, ան վարչապետին հրաժարականը իրատեսական չնկատեց։

Պռոշեանի գիւղապետի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընտրական կիրքերը լարուած պիտի ըլլա՞ն հարցումին պատասխանելով՝ Ա. Վարդանեան յայտնած է. «Ամենաառաջինը գիւղապետի սպանութեան բացայայտումն է : Սպանուել է գիւղապետ իր պարտականութիւնների կատարման ժամանակ: Ամենակարեւորը, որ այս յանցագործութիւնը մինչեւ վերջ եւ արդարացիօրէն բացայայտուի»:

Անոր համաձայն, իրենք իրենց առաւելագոյնը ըրած են, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւնները չքաղաքականացուին. «Եւ չդառնան գիւղի ներսում նոր լարուածութեան պատճառ: Կան ազդանշաններ, որ գիւղում հանդարտ մթնոլորտ է: Կարծում եմ բոլոր ուժերը գիտակցում են, որ այստեղ արհեստական լարուածութիւն ստեղծելը, զոռով հարցեր լուծելը վատ հետեւանքներ է ունենալու: Ուզում եմ հաւատալ՝ լաւ, արդար ընտրութիւններ են լինելու»:

comments