By Asbarez | Monday, 08 July 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 10րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի յոբելենական մեկնարկը տրուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակին վրայ՝ անոր «Աստղի» բացումով: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը «Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնին յարակից տարածքին մէջ համախմբուեցան փառատօնի հիւրերը, համաշխարհային ճանաչում ունեցող բեմադրիչներ, հասարակական-մշակութային, քաղաքական նշանաւոր գործիչներ եւ երեւանաբնակներ:
Բացումին անձամբ ներկայ էր նաեւ նշանաւոր արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրը, որ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:
«Սիրելի բարեկամներ, շատ սիրելի Շարլ: Շատ-շատ ուրախ ենք, որ ձեր անունը կրող հրապարակում ձեր անունը կրող աստղ ենք բացում. աստղ, որը խորհրդանշելու է մեծ հայի, մեծ արուեստագէտի, Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի, ֆրանսերէն լեզուի մեծ դեսպանի», այս առիթով ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Անոր համաձայն՝ «աստղը խորհրդաշնելու է բոլոր այն փոքր աստղերը, որոնք մեր սրտերում են: Մենք բոլորս ցանկանում ենք, որ քո աստղը, որն ուղեկցելու է մեզ, նաեւ քո աստղը, որը երկրնքում է, յարատեւ ու յաւերժ լոյս բերի», յայտնած է նախարարը:
«Ոսկէ ծիրան»ի այս տարուան պատուոյ հիւրերէն է Ազնաւուր, որ Երեւան հասած է 4 Յուլիսին, իսկ 6 Յուլիսին այցելութիւն տուած է Ս. Էջմիածին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ