Հրանդ Մարգարեան. «Վարչապետը Պատերազմ Է Յայտարարել Դաշնակցութեանը»

By Asbarez | Wednesday, 10 July 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը բացէիբաց ասել է, որ պատերազմ է յայտարարում Դաշնակցութեանը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Անոր համաձայն, այդ պատերազմի ծիրին մէջ վարչապետը մամուլին մէջ Դաշնակցութեան մասին «կեղտոտ բամբասանքներ» ընել պատուիրած է:

Նշենք, որ հայաստանեան մամուլին մէջ գրուած էր, թէ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ լուրջ դժգոհութիւններ կան, եւ թէ յատկապէս փորձեր կան կուսակցութեան Բիւրոյի ղեկավարի պաշտօնէն հեռացնել Հրանդ Մարգարեանը:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանին այն հարցումին, որ արդեօք դաշնակցականները դժգո՞հ են իրմէ, եւ իսկապէ՞ս լուրջ խմորումներ կը կատարուին աւանդական կուսակցութեան մէջ՝ Հրանդ Մարգարեան յայտնած է, որ իսկապէս հարցեր եղած են, մասնաւորաբար՝ դժգոհութիւններ դրսեւորուած են ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքներէն, բայց անոնք արդէն լուծուած են, եւ այսօր որեւէ խնդիր չկայ:

«Այն, ինչ մամուլում գրւում է, որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ, դրանք դրսից գործադրուող ճիգեր են Դաշնակցութեան մէջ ճեղքեր գտնելու եւ խնդիրներ յարուցելու համար», հաստատած է Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ խօսքը տուեալ պարագային վարչապետին մասին է:

«Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն իր տնտեսական ապիկար գործունէութեան պատճառով (Դաշնակցութեան կողմից) քննադատութեան ենթարկուելուց յետոյ բացէ ի բաց յայտարարել է, որ ինքը պատերազմ է յայտարարում Դաշնակցութեանը, եւ այս տեսակ կեղտոտ լրատուութիւն, կեղտոտ բամբասանքանման լրատուութիւնը իր գործն է», հաստատած է Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ շարունակած. «Մարդը, որ թոյլ է, տկար է, այս միջոցներով է փորձում հարցեր լուծել»:

«Ուրիշ ոչինչ չկայ՝ մենք ոչ սիրահարուած ենք եւ ոչ էլ ատում ենք այդ վարչապետին, բայց ձախողակ վարչապետ է, եւ դրա համար այս մեթոդներն է օգտագործում իր հարցերը կարգաւորելու համար», յայտարարած է Հ. Մարգարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետը ո՞ւր յայտարարած է Դաշնակցութեան դէմ պատերազմին մասին՝ ան արձագանգած է. «Իր շրջանակներում, ինքը գիտի՝ որտեղ է յայտարարել»: Անոր համաձայն, յստակ տեղեկատուութիւն ունին այդ մասին:

Թէ ինչ ձեւերով Դաշնակցութիւնը պիտի դիմակալէ այդ պատերազմին՝ Հրանդ Մարգարեան նշած է, թէ այդ պատերազմը աւելի շատ Տիգրան Սարգսեանին պիտի վնասէ եւ ոչ Դաշնակցութեան:

Վարչապետին անուան առնչուած «օֆշորային յայտի սկանդալին» անդրադառնալով՝ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է, թէ գնահատական արդէն տրուած է, իսկ Տիգրան Սարգսեանն ալ իր բացատրութիւններով ինքնզինք դրած է ծիծաղելի վիճակի մէջ:

«Այսինքն, չէ՞ք հաւատում վարչապետի այն բացատրութիւններին, որ տեղեակ չի եղել, թէ ինչպէս է իր անունը յայտնուել օֆշորային կազմակերպութեան բաժնետէրերի ցանկում» հարցումին ի պատասխան՝ Մարգարեան յայտնած է. «Եթէ ինքն այդպէս է ասում, ուրեմն ծիծաղելի է»:

Ան անգամ մը եւս համոզում յայտնեց այն մասին, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը պէտք է պաշտօնանկ ըլլայ. բան մը, որուն մասին Դաշնակցութիւնը բազմիցս խօսած էր. «Եթէ երկրի մէջ վերջին յոյսի նշոյլը չենք ուզում սպանել, դա նուազագոյն քայլն է, որ պէտք է արուի, եւ ոչ միայն վարչապետը՝ բաւականին մարդ կայ, որ պէտք է փոխուի»:

«Ազատութիւն» կայանին թղթակիցը հարց տուած է, որ արդեօք նախագահին ալ փոփոխութիւնը չի՞ պահանջուիր. Հրանդ Մարգարեան նշած է. «Նախագահի փոխուելը ժողովրդի կամքից է կախուած, նրան փոխում է ժողովուրդը»:

comments