By Asbarez | Tuesday, 20 August 2013
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս թուրք հովիւ մը՝ Մուսթաֆա Իւլքեր, Հայաստանի սահմանը խախտած ու միւս կողմը անցած ըլլալուն համար սպաննուած էր սահմանապահ ուժերուն կողմէ։ Թրքական մամուլը գրած էր, որ թուրք հովիւը սպաննուած էր հայ զինուորներու կողմէ, իսկ աւելի ուշ դիտել տրուած էր, որ սահմանապահ ուժերը ընդհանրապէս ռուս զինուորներ են, ուրեմն՝ թուրք հովիւը սպաննուած էր ռուս սահմանապահներու կողմէ:
Այս նիւթին շուրջ «Թարաֆ» թերթի աշխատակից Հիւսէյն Էօզայ Երեքշաբթի, Օգոստոս 20ին հրատարակած է հետաքրքրական թղթակցութիւն մը, ուր կը հաստատուի, թէ թուրք հովիւը, իրականութեան մէջ, թուրք զինուորի համազգեստ հագնելով՝ յարձակած էր Հայաստանի սահմանապահներու պահականոցին վրայ։ Թէ ինչո՞ւ՝ ահա այդ մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ.
«Անգարա աւարտեց սպաննուած հովիւին մասին իր հետաքննութիւնները։ Յայտնի դարձաւ, որ այս տագնապը ծնունդ առած էր, երբ թուրք հովիւներ սկսած էին իրենց անասունները արածելու Հայաստանի հողերուն վրայ։ Հայաստան առարկած էր ու Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած, որ թուրք հովիւները դադրեցնեն իրենց անասունները Հայաստանի հողերուն վրայ արածելու սովորութիւնը։ Թուրք պահականոցներն ալ հովիւներուն ազդարարութիւն ուղղած էին՝ պահանջելով, որ անոնք իրենց անասունները չանցընեն միւս կողմ։ Թուրք հովիւները, հակառակ այս ազդարարութեան, շարունակած են իրենց անասունները արածել Հայաստանի դաշտերուն վրայ։ Այս կացութեան դիմաց, ռուս ու հայ սահմանապահ զինուորները գրաւած են անասուններուն մէկ մասը, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ Մուսթաֆա Իւլքերի անասունները։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Հայաստանի հետ բանակցութեան մէջ մտած են՝ անասուններուն վերադարձը ապահովելու համար, եւ Հայաստան ընդունած է անասունները վերադարձնել, բայց այս անգամ ուրիշ հարց մը ծագած է։ Արդարեւ, տեսնուած է, որ վերադարձուած անասուններուն մէկ մասը վէրքեր ստացած էին, իսկ ուրիշներուն պոչերը կտրուած էին կամ՝ կոտոշները կոտրուած։
Հովիւ Մուսթաֆա Իւլքեր, այս իրավիճակին դիմաց Հայաստանէն վրէժ լուծելու համար, գիշեր մը զինուորի համազգեստ հագնելով անցած է սահմանը, կրակ բացած
Հայաստանի պահականոցին վրայ ու յաջողած է խոյս տալ։ Այս յաջողութենէն քաջալերուելով՝ ան երկրորդ յարձակում մը գործած է, բայց այս անգամ բռնուած է լուսանկարչական գործիքներու միջոցով, որմէ ետք անոր վրայ բացուած կրակին հետեւանքով սպաննուած է։ Հայաստանի կողմը նախ կարծած է, որ թուրք զինուոր մըն էր նախայարձակը եւ այդ պատճառով սահմանին վրայ ահազանգ հնչեցուցած էր։ Աւելի ուշ բացայայտ դարձած է, որ ան պարզապէս հովիւ մըն էր, որ ծպտուած էր թուրք զինուորի համազգեստով»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ