Վահան Յովհաննիսեանի՝ Կարսի Նահանգապետ Ըլլալու Ցանկութիւնը Կը Զայրացնէ Թուրքերը

By Asbarez | Monday, 11 April 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի լուսանկարն ու յայտարարութիւնը, Հինգշաբթի օր յայտնուած են թրքական համացանցային բազմաթիւ լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն վրայ՝ «Հայ ղեկավարը կը պահանջէ Կարսը» վերնագիրով։

Ակնարկը կը վերաբերի նախորդ օրը, Երեւանի մէջ «Սիվիլիթաս» վերլուծական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած հրապարակային քննարկման ընթացքին Վահան Յովհաննիսեանի կատարած մէկ յայտարարութեան, ուր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը ցանկութիւն յայտնած էր Կարսի նահանգապետ դառնալու (անշուշտ զայն հայութեան վերադարձնելէ ետք):

Յովհաննիսեանի սոյն յայտարարութենէն զայրացած Կարս քաղաքի նախկին քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլու, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ «այս հողերը մեր պապերուն կեանքի եւ արեան գնով ազատագրուած հողեր են։ Թշնամանքը յաւերժ պէտք չէ ըլլայ։ Մենք հայ ժողովուրդին հետ որեւէ խնդիր չունինք։ Այսպիսի ցեղապաշտական եւ ֆաշիստական կուսակցութիւններու երեւակայական ցանկութիւնները կ՛ամրապնդեն ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամանքը։ Ժողովուրդներու միջեւ թշնամանք սերմանող նմանատիպ գործելաոճեր կը հարուածեն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը։ Ես կը քննադատեմ այդ կուսակցութիւնն ու անոր անհիմն յայտարարութիւնը։ Այդպիսի յայտարարութիւններ երեւակայութեան արգասիք են»։

comments