By Asbarez | Tuesday, 17 September 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– 95 յստակ գործողութիւն եւ կարելի կը դառնայ նուազեցնել ազգային անվտանգութեան սպառնալիքի վերածուած արտագաղթը: «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրը, զոր մշակուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կողմէ, մշակուած է նաեւ հայաստանեան նշանաւոր ընկերաբաններու, ժողովրդագէտներու, հոգեբաններու եւ տնտեսագէտներու մասնակցութեամբ, նաեւ բազմաթիւ եզրակացութիւններ ձեւաւորուած են գիտական աշխատանքներու հիման վրայ:
Պետական վիճակագրութեամբ, անկախութենէն մինչեւ 2012 թուական արտագաղթի հոսքերուն պատճառով 900 հազար մարդ լքած է երկիրը, սակայն ոչ պաշտօնական տուեալները աւելի մտահոգիչ են՝ մէկուկէս միլիոն: Հայաստան կը տուժէ նաեւ՝ միջազգային ընդունուած չափանիշներուն հետ երբ բաղդատութիւն մը կատարէ։
Պատճառները վերացնելու համար «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրին մէջ ուսումնասիրուած է նաեւ միջազգային փորձառութիւնը: Բացայայտուած է, որ այսօր նաեւ Հնդկաստան եւս արտագաղթը կասեցնելու համար աշխատանք կը տանի: Նոյն գործողութիւնները դիւրութեամբ կարելի է նաեւ Հայաստանի մէջ գործադրել՝ հաշուի առնելով Սփիւռքի գործօնը: «Բայց այս գործում պէտք է ներգրաւուեն բոլորը՝ քաղաքական ուժեր, հասարակական կազմակերպութիւններ, եկեղեցի, գործարար աշխարհը, մտաւորականներ», յայտնած է ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան։
«Խնդիրը պէտք է ազգային մակարդակի վրայ բարձրացուի՝ անկախ կուսակցականութիւնից: Պէտք է աշխատեն ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ իշխանութիւնը, ե՛ւ լրատուամիջոցները, ե՛ւ հասարակական կազմակերպութիւնները», յայտնած է ան:
95 քայլերը նաեւ կ՛ենթադրեն օրէնսդրական փոփոխութիւններ: Ներազգային համերաշխութիւն կ՛ակնկալուի նաեւ այդ պարագային: Ծրագիրի տապալումը անթոյլատրելի կը նկատէ Մինասեան:
«Եթէ կը լինեն տարաձայնութիւններ, կարող ենք բանակցել: Բայց եթէ փորձ արուի ձախողել այն, բոլոր քայլերը պէտք է անենք, ճնշում գործադրելու համար», նշած է ան:
Ծրագիրը կը նախատեսէ թէ՛ կարճաժամկէտ, թէ՛ միջնաժամկէտ, եւ թէ երկարաժամկէտ նպատակադրումներ: Կարճաժամկէտ բաժինին մէջ պէտք է աշխատանք տանիլ հոգեբանական գործօնին վրայ։ Քաղաքացին պէտք է տեսնէ յստակ քայլեր: Օրինակ՝ բանակէն զօրացրուածին, ըլլայ սահմանամերձ, թէ մայրաքաղաքի բնակիչ, պետութիւնը պարտաւոր ըլլայ մէկ տարուան համար ապահովել արժանավայել վարձատրութեամբ աշխատանք: Կարճաժամկէտ ծրագիրի գործադրութեան համար պիւտճէէն յաւելեալ գումարներ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, բայց տնտեսագէտը համոզուած է, թէ կը զարգանայ տնտեսութիւնը, եւ պիւտճէն ալ կարելի է եռապատկել:
Ծրագիրի համահեղինակ պատգամաւորը անգամ մը եւս շեշտած է, որ պահը արդէն լրջութիւն կը պահանջէ. «Մէկտեղել բոլորիս ուժերը, ցուցաբերել կամք եւ վճռականութիւն, ձեռնարկել գործողութիւններ՝ վերականգնելու ապագայի նկատմամբ հաւատը, նուազեցնելու արտագաղթի տեմպերը: Համոզուած ենք, որ այն նաեւ հիմքեր կը ստեղծի ներգաղթի կազմակերպման եւ պետականութեան հզօրացման համար»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ