By Asbarez | Thursday, 26 September 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Արտագաղթը կասեցնելու ՀՅԴի ծրագիրին առաջին արձագանգողը եղած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Դաշնակցութիւնը կը սպասէ նոր արձագանգներուն: «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրի հեղինակ, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը կը վստահեցնէ, որ գտած են արտագաղթը կասեցնելու բանալին. «Ծրագիրը բաց է, ու մենք կաշկանդուած չենք միայն մեր ներկայացուած մօտեցումներով: Այս ծրագիրը կուսակցական չէ, այն ազգային ծրագրի վերածուելու նպատակ է հետապնդում»:
ՀՅԴն իր ծրագիրը ուղարկած է Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն, նախատեսած է 15 հանդիպում հասարակութեան տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ: Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, իրենց ծրագիրը յաջողութեան պիտի հասնի, եթէ համախմբում գոյանայ, նաեւ՝ իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ. «Այդ դէպքում մշակւում է գործողութիւնների պլան-ժամանակացոյց, ստեղծւում է մոնիթորինգի յանձնաժողով, որեւէ կուսակցականութիւն յանձնաժողովում չպէտք է լինի»:
Եթէ ՀՅԴն չստանայ իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը, ապա մէկ ստիպողական քայլ կը մնայ. «Իշխանափոխութիւնը Սահմանադրութեամբ չարգելուած ցանկացած միջոցով արդարացուած է լինում, եւ փաստօրէն հասարակութիւնն ունենում է մի ծրագիր, որը իշխանափոխութիւնից յետոյ կարողանում է կեանքի կոչել»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ