By Asbarez | Monday, 18 April 2011
ՊՈԼԻՍ.- «Զաման»ի անգլերէն յաւելուածը Երեքշաբթի, Ապրիլ 12ի թիւով կը հաղորդէ, թէ յառաջիկայ Մայիս 9-13, Պոլսոյ մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ պիտի կայանայ զարգացող երկիրներու հարցերուն նուիրուած համաժողով մը, որուն մասնակցելու հրաւէրներ ղրկուած են ուշագրաւ կարգ մը նախագահներու։ Անոնց կարգին են՝ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ, Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆի եւ ուրիշներ։
Թերթին համաձայն, համաժողովին պիտի մասնակցին 50-60 երկիրներու առաջնորդներ եւ կառավարութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս 100 նախարարներ։
Կը նշուի, որ Թուրքիա ՄԱԿի արարողակարգին հաւատարիմ մնալով ղրկած է այս հրաւէրները։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ