By Asbarez | Thursday, 03 October 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– «Դատախազութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի 5րդ յօդուածի երկրորդ մասով սահմանուած է, որ գլխաւոր դատախազը իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Ազգային ժողովին կը ներկայացնէ հաղորդում դատախազութեան նախորդ տարուան գործունէութեան մասին՝ Ազգային ժողովի կանոնակարգով սահմանուած կարգով:
Սակայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի օրէնքով սահմանուած չէ նշուած հաղորդումը Ազգային ժողովին ներկայացնելու եւ քննարկելու կարգը, որուն առնչուած գլխաւոր դատախազը համապատասխան հաղորդումը չի ներկայացներ Ազգային ժողովին: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդէս եկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ՝ կանոնակարգելու եւ լուծելու նշուած խնդիրը:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը կ՛առաջարկէ, որ գլխաւոր դատախազը «Դատախազութեան մասին» օրէնքով սահմանուած հաղորդումը Ազգային ժողովին ներկայացնէ հաշուետու տարուան աւարտէն ոչ աւելի ուշ քան երեք ամիս, եւ ժողովին մէջ քննարկուի մինչեւ տուեալ հերթական նստաշրջանի աւարտը:
Գլխաւոր դատախազի հաղորդումը Ազգային ժողովին մէջ պէտք է քննարկուի սահմանուած կարգով եւ աւարտի եզրափակիչ ելոյթներով՝ առանց որեւէ փաստաթուղթ ընդունելու:
«ՀՅԴ խմբակցութիւնն առաջարկում է նաեւ, որ քննարկման ընթացքում հիմնական զեկուցմամբ ելոյթ ունենայ Գլխաւոր դատախազը՝ մինչեւ 40 րոպէ տեւողութեամբ, իսկ յարակից զեկուցմամբ պետաիրաւական ոլորտի մշտական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը՝ 20 րոպէ տեւողութեամբ: Օրէնքի նախագիծն արդէն շրջանառութեան մէջ է», նշուած է առաջարկին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ