Հրաչ Մուրատեանի Սպանութիւնը Բցայայտելու Պահանջով՝ ՀՅԴի Երթ

By Asbarez | Tuesday, 22 October 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հոկտեմբեր 29ին՝ ժամը 16:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Հրաչ Մուրադեան արդարութեան պահանջ» շարժումը եւ Դաշնակցութիւնը Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտէն երթ պիտի կատարեն դէպի նախագահական նստավայր՝ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով:

Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը՝ կոչ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնց համար յարգի է սպանուած գիւղապետը, միանալու երթին:

comments